Ժապեր. «Պենզինի Տուրքի Յաւելումը Բաւարար Չէ»

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր նշեց. «Գոյութիւն ունին զինեալ ուժերու 240 հազար անդամներ, զորս կարելի չէ տեղափոխել, սակայն ՖԻՆԻՒԼ-ի հեռացումով մասնաւորաբար սահմաններուն վրայ կարիք գոյութիւն ունի, եւ զինուորագրուելու կոչեր կան»:

«Գոյութիւն ունին հարկեր, որոնց գանձման համար հրամաններ տալու աշխատանք կը տանինք», ըսաւ ան:

«Պենզինի տուրքի յաւելումը բաւարար չէ պետական մարզի աշխատավարձերուն վաւերացուած յաւելման ապահովման համար», նշեց նախարարը:

«Պետական մարզին, մասնաւորաբար կրթութեան մարզին մէջ 20 կամ 30 հազար պաշտօնեաներու գոյութեան մասին խօսակցութիւնը ամբողջովին սխալ է, եւ կրթութեան նախարարը աշխատանք կը տանի վերատեսութեան ենթարկելու ուսուցիչներու նշանակումները` առ ի պատրաստութիւն բարեկարգումի սկսման», ըսաւ ան:

«Մաքսատան եկամուտները 2025-ին շուրջ 100 առ հարիւրով բարելաւուեցան, նոյնիսկ «սքենըր»-ները գործարկելէ առաջ», նշեց ելեւմուտքի նախարարը:

«Հանրօգուտ շինութիւններու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի սկսաւ ուսումնասիրել եւ ստուգել ծովային կալուածները` ոտնձգութեան ենթարկուած կալուածները վերաապահովագրելու համար, եւ այդ հիմամբ տուգանքներ պիտի հաստատուին եւ վարձքեր գանձուին», յայտնեց Ժապեր:

 

Leave a Comment