Միացեալ Նահանգներ Միջին Արեւելքի Մէջ Աւելի Քան 300 Զինուորական Օդանաւ Տեղակայած Են

Թռիչքներու բաց տուեալները չորեքշաբթի ցոյց տուին, թէ աւելի քան 300 ամերիկեան զինուորական ու մարտական օդանաւեր տեղակայուած են Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ռազմակայաններուն մէջ, ինչ որ տարիներէ ի վեր շրջանին մէջ ամերիկեան օդուժի ամէնէն մեծ տեղակայումն է:

Օդանաւերը հիմնականին մէջ բաժնուած են Քաթարի Ատիտ օդուժի ռազմակայանին, Յորդանանի «Մուաֆաք Սուլթի» ռազմակայանին եւ Սէուտական Արաբիոյ Ամիր Սուլթան ռազմակայանին մէջ, ինչպէս նաեւ շրջանային ջուրերուն մօտ տեղակայուած «Ապրահամ Լինքըն» եւ «Ճերըլտ Ֆորտ» օդանաւակիրներուն վրայ:

Զինանոցը կը ներառէ «Էֆ-18 Էյ/Էֆ» տիպի 84 օդանաւեր, «Էֆ-15» տիպի 36 օդանաւեր, «Էֆ-16» տիպի 48 օդանաւեր, «Էֆ-35» տիպի 42 օդանաւեր, ինչպէս նաեւ ելեկտրոնային պատերազմի, օդային աջակցութեան, կանխիկ ահազանգման եւ վառելանիւթի մատակարարման օդանաւեր:

 

Leave a Comment