Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Հնգեակի դեսպաններ իրեն անկեղծօրէն ըսած են, թէ ընտրութիւններու յետաձգումը կը նախընտրեն, սակայն ինք պատասխանած է, որ կը շարունակէ անոնց կայացման ուղղութեամբ աշխատիլ եւ չի զօրակցիր անոնց թեքնիք յետաձգման կամ խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգման:
Պըրրի շեշտեց. «Սահմանադրական գործողութիւնները յետաձգելու եւ զանոնք իրենց ժամկէտին չկատարելու որեւէ արդարացուցիչ պատճառ չկայ. այսօր առաջնահերթը նոր խորհրդարանի ընտրութիւնն է»:
Ան ըսաւ, որ ինք յառաջ կ՛ընթանայ եւ կառչած կը մնայ ներկայ ընտրական օրէնքով ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելուն, «ուստի, ան, որ կ՛ուզէ զանոնք յետաձգել, պէտք է պատասխանատուութիւնը ստանձնէ, եւ ոչ թէ զայն ուրիշներուն վրայ նետէ»:
Պըրրի կեդրոնական եւ հիւսիսային Պեքայի վրայ իսրայէլեան յարձակումները որակեց Թել Աւիւի պայմանները ընդունելու համար Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնելու նոր պատերազմ: