Ֆայիատ. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Ժողովները Դատարկ Եւ Կասկածելի Են»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին այս օրերուն իր շարունակուող յարձակումին մէջ մագլցում կ՛արձանագրէ եւ Պեքայի մէջ ջարդ կը գործէ` թիրախաւորելով խիտ բնակչութիւն ունեցող թաղամասերու մէջ քաղաքային տուներ, ինչ որ 10 նահատակներու կեանքերը խլեց եւ շուրջ երեսուն վիրաւոր պատճառեց:

«Այն, ինչ որ այս մարտական մագլցումէն վտանգաւոր է, իսրայէլեան պաշտօնական դիրքորոշումն է: Թշնամին յայտարարեց լիբանանեան հողերուն մէջ բռնագրաւուած դիրքերը իբրեւ անվտանգութեան գօտի պահպանելու մասին, ինչպէս նաեւ սուրիական հողերուն մէջ անվտանգութեան գօտի պահպանելու իր մտադրութեան մասին: Ուստի, այս յայտարարութիւնը չափազանց վտանգաւոր դիրքորոշում մըն է, որ չի կրնար լիբանանեան հաշիւներուն ու լիբանանեան իրավիճակի եւ դիրքորոշման գնահատման մէջ անտեսուիլ», նշեց երեսփոխանը:

Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ Լիբանանի վրայ ճնշում կը բանեցնէ ոչ թէ իբրեւ իր հեռացման քայլ Դիմադրութիւնը զինաթափելու, այլ իբրեւ լիբանանեան բռնագրաւեալ հողերը պահելու նախաքայլ:

«Միւս կողմէ, Լիբանան ի՞նչ օգուտներ պիտի քաղէ: Ոչինչ: Ո՛չ անվտանգութիւն, ո՛չ գերիշխանութիւն, ո՛չ կայունութիւն եւ սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու իրենց գիւղեր վերադարձ: Եւ ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ: Արդեօք ասիկա չի՞ նշանակեր, թէ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ որոնուող ներկայ բանակցային ուղին իսրայէլացիները ամերիկեան ծածկոյթով վերածած են դատարկ ուղիի, Լիբանանի համար առանց իմաստի, բացառութեամբ այն բանի, որ կ՛արտացոլացնէ ենթարկուիլը բացայայտ եւ վտանգաւոր պայմաններուն, որոնք չեն յանգեցներ լիբանանեան որեւէ շահի ապահովման, այլ, ընդհակառակը, լուրջ սպառնալիք կը ներկայացնեն լիբանանեան շահերու համար», յայտնեց Ֆայիատ:

Ան յայտնեց, որ Պեքայի մէջ տեղի ունեցած ջարդը բոլոր լիբանանցիները, նախ եւ առաջ կառավարութիւնը կը դնէ այն իրականութեան առջեւ, թէ ներկայ իրավիճակը չի կրնար շարունակուիլ, եւ պէտք է լիբանանեան դիրքորոշումը ամբողջութեամբ վերագնահատման ենթարկել` դուրս գալու համար այս իրավիճակէն, որուն գինը այլեւս ծանր ու ցաւալի դարձաւ:

«Դատապարտման հաղորդագրութիւնները այլեւս անիմաստ դարձած են, իսկ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովները դատարկ ու կասկածելի են: Զիջումներու քաղաքականութիւնը կը քաջալերեն իսրայէլացին եւ զայն նահանջելու չեն մղեր», ընդգծեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամը:

«Յորդորի ենթահողէ եւ նախանձախնդրութենէ մղուած ու ամենայն պատասխանատուութեամբ այս դիրքորոշումը կը յայտարարենք, որովհետեւ գործով, ոչ թէ խօսքով, եւ ամենայն լրջութեամբ կ՛ուզենք լիբանանեան իրավիճակը մտցնել նոր փուլի մէջ, ուր կը կարենանք պետութիւնը կառուցել, կայունութիւն ստեղծել եւ ոտքի կանգնելու հոլովոյթը յաջողցնել ու գերիշխանութիւնը պաշտպանել», նշեց Ֆայիատ:

Leave a Comment