Թմրեցուցիչները Եւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Շուրջ Միացեալ Նահանգներ-Վենեզուելա Համաձայնութիւն

Լատին Ամերիկայի մէջ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Ֆրանսիս Տանըվըն եւ Փենթակոնի բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Ճոզըֆ Հումայր չորեքշաբթի օր անակնկալ այցելութիւն մը տուած են Վենեզուելա` անվտանգութեան շուրջ բանակցութիւններու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են ամերիկացի պաշտօնատարները:

Ասիկա Վենեզուելայի նախկին նախագահ Նիքոլաս Մատուրոն անցեալ ամիս Միացեալ Նահանգներ տեղափոխելէն եւ անոր մեղադրանք առաջադրելէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու զինուորական պատուիրակութեան Վենեզուելա առաջին այցելութիւնն է:

Վենեզուելայի կառավարութիւնը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու զինուորական պատուիրակութիւնը հանդիպած է ժամանակաւոր նախագահ Տելսի Ռոտրիկեզի, պաշտպանութեան նախարար Վլատիմիր Փատրինոյի եւ ներքին գործոց նախարար Տիոստատօ Քապելոյի հետ:

Կողմերը համաձայնած են թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան, ահաբեկչութեան եւ գաղթի դէմ պայքարին մէջ համագործակցելու:

Նշենք, որ Փատրինօ եւ Քապելօ կը մեղադրուին Միացեալ Նահանգներու մէջ թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան համար:

Leave a Comment