Ուիթքոֆ. «Թրամփ Զարմացած Է, Որ Իրանցիները Չեն Յանձնուած»

Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ցուցմունքով հանդիպում ունեցած է Իրանի նախկին շահի որդի Ռեզա Փահլեւիի հետ:

Ան ըսաւ, որ Փահլեւին «հզօր մարդ է եւ իր երկրին նկատմամբ հոգ ընող»` նշելով, որ հարցը առնչուած է նախագահ Թրամփի քաղաքականութեան եւ ոչ թէ Փահլեւիի քաղաքականութեան:

Ուիթքոֆ նշեց, որ Թրամփ զարմացած է, որ իրանցիները չեն յանձնուած` աւելցնելով, որ իրանցիները կը վստահեցնեն, թէ իրենց հիւլէական ծրագիրը խաղաղ է, սակայն անոնք իւրանիոմը «պէտք եղածէն շատ աւելի կը հարստացնէին»:

«Իրանցիները կրնան ռումբեր պատրաստելու համար արդիւնաբերական մակարդակի նիւթեր ձեռք բերելէն մէկ շաբթուան հեռաւորութեան վրայ ըլլալ»:

Անդրադառնալով ուքրանական թղթածրարին` ամերիկացի պատուիրակը լաւատեսութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ երեք շաբթուան ընթացքին կարելի է առաջարկներ ներկայացնել, որոնք կը միախմբեն ռուսերն ու ուքրանացիները:

Ան նշեց, որ այդ առաջարկները կրնան յանգեցնել Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ վեհաժողովի, եւ թերեւս անիկա կրնայ վերածուիլ նախագահ Թրամփի մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողովի:

Ամերիկացի պատուիրակը ընդգծեց, որ Թրամփ չ՛ուզեր մասնակցիլ որեւէ ժողովի, եթէ «լաւագոյն արդիւնք»-ի ձեռքբերման կարելիութիւն չտեսնէ:

Անդրադառնալով Կազայի հարցին` Ուիթքոֆ ըսաւ, որ Թրամփի յայտարարած Կազայի համար յատկացուած գումարները պիտի օգտագործուին բնակեցման եւ հաւաքական տեղափոխման ծրագիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ փլատակներու վերացման եւ Կազան պատրաստելու սպասուող «զարթօնք»-ին:

 

 

Leave a Comment