Փարիզի եւ Պերլինի կապերը Եւրոպայի համար գոյութենական նշանակութիւն ունին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատեֆուլ:
Ան ընդգծած է, որ հակառակ այն իրողութեան, որ երկու երկիրները երբեմն տարբեր հարցերու շուրջ տարբեր տեսակէտներ կ՛ունենան, սակայն պէտք է շարունակեն համագործակցիլ, որովհետեւ անիկա Եւրոպական Միութեան համար կենսական կարեւորութիւն ունի:
«Այս երկու երկիրները պէտք է համարձակօրէն յառաջ շարժին, ներառեալ Ուքրանիոյ աջակցելու եւ հետեւաբար ազատութիւնը պաշտպանելու հարցին մէջ, համագործակցութիւնը ամրապնդեն պաշտպանական արդիւնաբերութեան ուղղութեամբ», ըսած է նախարարը:
Գերմանական դիւանագիտութեան պետը աւելցուցած է, որ թէ՛ Գերմանիան, թէ՛ Ֆրանսան ամէն օր կ՛աշխատին աւելի մեծ եւրոպական գերիշխանութեան հասնելու ուղղութեամբ: