«Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/16-րդ հանգրուանի երթի երկրորդ օրուան մրցումներուն, Իտալիոյ Ինթեր Միլան ակումբը, որ անցեալ տարի աւարտականին հասած էր, 3-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Նորվեկիոյ Պոտօ Կլիմթէն:
Պոտօ Կլիմթ, որ 2026-ին Մանչեսթըր Սիթիին (3-1) եւ Աթլեթիքօ Մատրիտին (2-1) յաղթած էր, կրցաւ 3 կոլեր նշանակել Ինթերի բերդին մէջ, որ դարձին` յառաջիկայ շաբաթ դժուար մրցում մը պիտի ունենայ 3 կոլերու տարբերութեամբ յաղթելու նորվեկիացի մրցակիցին:
Անգլիոյ Նիւքեսըլ ակումբը երկար ճամբորդութենէ ետք 6-1 արդիւնքով ջախջախիչ պարտութեան մատնեց Քարապաղ ակումբը` Ազրպէյճանի մէջ:
Օրուան աստղն էր Անթոնի Կորտըն, որ 4 կոլ նշանակեց:
Աթլեթիքօ Մատրիտ չկրցաւ յաղթել Պրիւժի դաշտին վրայ եւ 3-3 արդիւնքով հեռացաւ Պելճիքայէն:
2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք առաջին կիսախաղին, Աթլեթիքօ Մատրիտ 2 կոլ ստացաւ 8 վայրկեաններու ընթացքին (52-րդ եւ 60-րդ): 79-րդ վայրկեանին Պրիսժի յետսապահը իր բերդին մէջ նշանակեց Աթլեթիքոյի 3-րդ կոլը, մինչ յոյն Քրիսթոս Ցոլիս 89-րդ վայրկեանին նշանակեց Պրիւժի հաւասարութեան կոլը:
Յունաստանի մէջ Օլիմփիաքոս, որ 20 յունուարին 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Պայեր Լեւերքուզընին, կը մրցէր նոյն մրցակիցին դէմ, որ սակայն այս անգամ ինք էր, որ յաղթեց շնորհիւ Փաթրիք Շիքի զոյգ կոլերուն: