Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին գծով այսօր ժամը 14:15-ին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ժալիլ Քանայի դէմ, այս վերջինիս դաշտին վրայ` Ապպասիէ գիւղին մէջ:
«Ապպաս Նասեր» դաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումին մեր տղաքը պէտք է շատ լաւ ելոյթ ունենան, պայքարին, խմբային գեղեցիկ խաղարկութիւն կիրարկեն եւ առիթներ ստեղծելով կոլեր նշանակեն ու 3 կէտով վերադառնան Պէյրութ:
Երթին` 18 դեկտեմբերին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Սաֆայի դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Ժալիլ Քանայի հետ: Այդ օր մրցակից խումբը օգտուելով Ապպասի եւ պահեստի բերդապահին սխալներէն, նշանակած էր իր երկու կոլերը: Այսօր պէտք է առիթ չտանք սխալներու կամ մրցակիցին որեւէ առիթէ օգտուելուն: Գնդակին հետ լաւ աշխատելու կողքին, առաց գնդակի ալ լաւ պէտք է աշխատիլ, մրցակիցին վրայ ճնշել նեղի մատնել, որպէսզի ի՛նք սխալ գործէ եւ մե՛նք օգտուինք:
Ֆետերասիոնն ալ քանի անգամ եղաւ, որ մրցումին օրը կը փոխէ եւ կիրակի օրուան փոխարէն ուրբաթ օրուան կը յառաջաձգէ, անգամ մը եւս համակիրներէն մէկ մասին պատճառ դառնալով, որ հեռու մնան դաշտէն:
11 մարզիկները մէկ նպատակի համար պէտք է դաշտ ներկայանան` 3 կէտեր շահելու եւ 90 վայրկեաններ պայքարելով յաղթանակ կերտեն:
Այսօր տեղի պիտի ունենան նաեւ Հարաքեթ Շապապ – Իժթիմահի, ինչպէս նաեւ Ահլի Սայտա – Հորր Ամելի մրցումները, մինչ Թաուֆիր – Ղատ Աֆտալ մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի օր: