Շոյկու. «Հայաստանի Երկաթուղիներու Կառավարումը Ռուսիայէն Այլ Երկրի Յանձնելու Պարագային Համակարգը Կրնայ Մէկ Գիշերուան Մէջ Փլուզուիլ»

Հայաստանի իշխանութիւններու հանրապետութեան երկաթուղիներու կառավարման գործին մէջ Ռուսիան փոխարինելու ցանկութիւնը չմշակուած լուծում է, կառուցուած համակարգը ատկէ ետք կրնայ մէկ գիշերուան մէջ փլուզուիլ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու:

«Այլ պետութիւններու իրաւասութիւնները երկաթուղային տնտեսութեան կառավարման հարցին մէջ պիտի չգնահատեմ, սակայն կրնամ վստահաբար ըսել, թէ դժուար թէ որեւէ այլ ընկերութիւն կարենայ լիարժէք փոխարինել ռուսական երկաթուղային փոխադրողին, որ արդիւնաւէտ կերպով եւ շատոնց կ՛աշխատի Հայաստանի մէջ ոչ ամէնէն պարզ պայմաններու մէջ», նշած է Շոյկու:

Ան հարց տուած է, թէ արդեօք դիւանագիտական լեզուով` «չմշակուած որոշումները», ներառեալ Միացեալ Նահանգներու հետ հիւլէական նիւթով համագործակցութիւնը, պիտի չյանգեցնե՞ն այնպիսի վտանգաւոր փորձերու, որոնց համար «պիտի ստիպուին վճարել Հայաստանի հասարակ քաղաքացիները»:

Հայկական երկաթուղիի կառավարումը 2008 թուականին Ռուսիոյ յանձնուած է 30 տարիով, եւս 10 տարի աւելցնելու կարելիութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախապէս ըսած էր, թէ երկաթուղիի մասին իր պատկերացումը այն է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ բարեկամ որեւէ երկիր Ռուսիայէն գնէ կառավարման իրաւունքը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, մեկնաբանելով Հայաստանի վարչապետի վերջին յայտարարութիւնները, յայտնեց. «Հայկական երկաթուղիներու մասին Երեւանէն հնչող յայտարարութիւնները տարօրինակ են եւ քիչ մը անընդունելի»:

«Հայաստանի երկաթուղային ցանցը «Հարաւկովկասեան երկաթուղիներ» ընկերութեան կառավարման տակ է արդէն աւելի քան 20 տարիէ ի վեր: Այդ ընթացքին ռուսական ընկերութիւնը ոչ միայն կայուն կերպով կը կատարէ իր պարտաւորութիւնները, այլ նաեւ զգալի միջոցներ կը ներդրէ ենթակառոյցներու եւ շարժակազմի արդիականացման նպատակով: Երեւանի մէջ, սակայն, կարծէք այս մասին մոռցած են», յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Անոր համաձայն, «երկաթուղիներու ռուսական կառավարողը այն կառոյցն է, որ ոչ թէ Հայաստանը մրցակցային կարելիութիւններէ կը զրկէ, այլ զանոնք կը ստեղծէ»:

«Ինչ կը վերաբերի հայկական երկաթուղիներու` Ազրպէյճան եւ Թուրքիա գացող երկու հատուածներու` Երեւանի խնդրանքով վերականգնման վերաբերեալ մեր մօտեցումին, ապա անոր մասին 12 փետրուարին յստակօրէն արտայայտուած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը: Մենք այդ տեսակէտին ալ հաւատարիմ պիտի մնանք», յայտարարեց Զախարովա:

Օվերչուք յայտնած էր, թէ Ռուսիան դրական արձագանգած է Երասխի եւ Ախուրիկի հատուածներուն մէջ երկաթուղիները վերականգնելու Փաշինեանի առաջարկին եւ որոշած այդ առնչութեամբ առարկայական բանակցութիւններ սկսիլ Հայաստանի հետ:

Leave a Comment