Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Կազայի Խաղաղութեան խորհուրդի առաջին նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ասիկա մեծ օր է, եւ ունինք մեծաթիւ ղեկավարներ, որոնք Խաղաղութեան խորհուրդի ժողովներուն կը մասնակցին»` նշելով. «Խաղաղութիւնը շատ դժուար է, սակայն զայն պիտի հաստատենք»:
«Խաղաղութեան խորհուրդը այն կարեւորագոյն նախաձեռնութիւններէն է, որոնց կը մասնակցինք», նշեց ան:
«Տակաւին կարգ մը բաներ ունինք կատարելիք, եւ Կազայի մէջ իրավիճակը բարդ է», աւելցուց ան` նշելով. «Աշխարհի ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Խաղաղութեան խորհուրդին մասնակցելու, եւ կան ղեկավարներ, որոնց մասնակցութիւնը չենք ուզեր»:
«Աշխատանք կը տանինք Կազայի ժողովուրդին, Միջին Արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի համար աւելի լաւ ապագայ երաշխաւորելու համար», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը` նշելով. «Ոչինչ խաղաղութեան հաստատումէն աւելի կարեւոր է, եւ պատերազմներուն գինը խաղաղութեան հաստատման գինին բազմապատիկն է»:
«Հունգարիոյ նախագահը հոյակապ աշխատանք տարաւ ընդդէմ ապօրինի ներգաղթին», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւ նշեց, որ Քաթարի վարչապետը հոյակապ մարդ է, եւ Քաթար մեծ բարիք կը կատարէ «եւ մեզի շատ կ՛օգնէ»:
«Պէտք է Իրանի հետ արդիւնաւէտ համաձայնութիւն գոյացնենք, այլապէս վատ բաներ պիտի պատահին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Տեսնենք, թէ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ հարցերը ո՛ւր պիտի հասնին»:
«Յառաջիկայ տասը օրուան ընթացքին պիտի իմանանք, թէ արդեօք Իրանի հետ համաձայնութեան պիտի հասնի՞նք», ընդգծեց Թրամփ:
«Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումը անկարելի չէ, եւ Իրան հիւլէական զէնք ձեռք պիտի չձգէ», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Լիբանանին` Թրամփ ըսաւ. «Լիբանանի վերաբերեալ շարք մը հարցերու վրայ կ՛աշխատինք, եւ պէտք է անոր խնդիրները լուծել»:
«ՄԱԿ-ի հետ մօտէն կ՛աշխատինք աշխարհի վրայ խաղաղութեան հաստատման համար, պիտի ամրապնդենք անոր դերը եւ դրամական գետնի վրայ անոր պիտի օգնենք», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով. «ՄԱԿ-ը մեծ կարելիութիւններ ունի, սակայն անոնք չեն օգտագործուիր»: