«Լա Լիկա». Պարսելոնայի Անակնկալ Պարտութիւնը

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն կրեց Ժիրոնայի դաշտին վրայ եւ նահանջեց դասաւորման 2-րդ դիրք:

4 օր առաջ Քոփա Տել Ռէյի (Սպանիոյ բաժակ) մրցումներուն գծով 4-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք կը կարծուէր, թէ Պարսելոնա ծանր ձեւով պարտութեան պիտի մատնէ 15-րդ դիրքը գրաւող Ժիրոնան: Առաջին կիսախաղին Լամին Եամալ առիթ ունէր բանալու կոլերու հաշիւը, բայց անոր հարուածած փենալթին զսպեց… Ժերոնայի բերդին աջ սիւնը:

Առաջին կիսախաղին Պարսելոնա աւելի տիրապետեց, բայց կոլի վրայ ստեղծուած առիթները նոյնքան վտանգաւոր էին:

Բ. կիսախաղին Պարսելոնա գնդակին վրայ կ՛իշխէր, բայց մասնաւոր լուրջ առիթ չկար: 59-րդ վայրկեանին քոռնըրէ մը ետք գնդակը հասաւ Ժիւլ Քունտէի, որ օդէն փոխանցեց յետսապահ Փաօ Քուպարսիի, որ գլխու հարուածով նշանակեց մրցումին առաջին կոլը:

Ֆրանսացի Թոմաս Լեմար նշանակեց Ժերոնայի հաւասարութեան կոլը, իսկ Ֆրան Պելթրան 86-րդ վայրկեանին` 2-րդ կոլը:

Պէտք է ըսել, որ Պարսելոնա շատ լաւ կը տիրապետէ գնդակին, բայց յետսապահները լաւ դիրքի վրայ չեն եւ միշտ ալ կորսուած վիճակ կ՛ունենային Ժերոնային յարձակումներուն ընթացքին:

Ժերոնա բարձրացաւ 12-րդ դիրք, մինչ Պարսելոնա (58 կէտ) այժմ 2 կէտով ետ կը մնայ Ռէալ Մատրիտէն, որ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնած էր Ռէալ Սոսիետատը:

 

Leave a Comment