Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղեր. Կարինա Ակոպովա Եւ Նիքիթա Ռախմանին Զոյգի Պատուաւոր Նուաճումը

2026-ի ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Միլանի եւ Քորթինայի մէջ, տեղի ունեցան սառոյցի վրայ պարի մրցումները:

Հայաստանը ներկայացնող Կարինա Սկոպովա -Նիքիթա Ռախմանին զոյգը, երկու ծրագիրներու արդիւնքով գրաւեցին 14-րդ դիրքը, որ շատ կարեւոր արդիւնք մըն է հայկական մարզական կեանքին մէջ, առաջին անգամ ներկայացնելով անկախ Հայաստանը Ողիմպիական խաղերու այս մարզաձեւին:

Առաջին ծրագիրը կարճ էր, ուր զոյգը ներկայացաւ «Արցախ» երաժշտութեան ընկերակցութամբ 66-27 կէտ հաւաքելով եւ 12-րդ դիրքը գրաւելով:

Այս արդիւնքով անոնք հասան աւարտական փուլ ազատ ծրագիրին համար:

Միլանի մէջ «Այս սքէյթինկ Արենա»-ի մէջ Ակոպովա-Ռախմանին զոյգը ներկայացաւ հնդիկ երաժիշտ Ալա Ռհմանի երաժշտութեամբ` հնդկական տարազներով: Գեղեցիկ եւ տպաւորիչ կատարում էր, բայց Կարինա փոքր սխալներ կատարեց, եւ զոյգը կարեւոր կէտեր կորսնցուց: Ազատ ծրագիրին համար զոյգը ձեռք ձգեց 114,39 կէտ, որուն շնորհիւ 14-րդ դիրքը գրաւեց Ակոպովա – Ռախմանին զոյգը:

Ոսկի մետալ նուաճեց Ճափոնի Ռիքու Միուրա – Ռիուչի Քիհարա զոյգը` 231,24  կէտ հաւաքելով: Արծաթէ մետալին տիրացաւ Վրաստանի զոյգը, իսկ պրոնզ` Գերմանիոյ զոյգը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք մետալներու դասաւորումը Ողիմպիական խաղերու 9-րդ օրուան մրցումներէն ետք.

ՈՍԿԻ ԱՐԾԱԹ ՊՐՈՆԶ
1.- Նորվեկիա 12 7 9
2.- Իտալիա 8 4 11
3.- Միացեալ Նահանգներ 6 8 5
4.- Նետերլանտներ 6 5 1
5.- Աւստրիա 5 7 3
6.- Շուէտ 5 5 1
7.- Զուիցերիա 5 2 3
8.- Գերմանիա 4 7 6
9.- Ֆրանսա 4 7 4
10.- Ճափոն 4 5 9

Leave a Comment