Շէյխ Քասեմ. ««Զէնքի Մենաշնորհում» Խորագիրով Ամէն Աշխատանք Դադրեցուցէ՛ք, Որովհետեւ Կառավարութեան Գործողութիւնները Պատասխանատու Են Թշնամիի Ախորժակին»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ «Նահատակ ղեկավարներ»-ու յիշատակի ոգեկոչման ընթացքին յայտնեց. «Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան տարելիցի ոգեկոչման առիթով կը վերահաստատենք մեր ցաւակցութիւնները, եւ Աստուած ուզէ այս հայրենիքին մէջ կարենանք միասնաբար օգտուիլ անոր փորձառութենէն ու հայրենիքին համար տուածներէն»:

«Լիբանանեան պետութիւնը պատասխաատու է Իսրայէլի դիմակայման, սակայն անոր կեդրոնացումը զինաթափման վրայ է, ուստի ան մեծ սխալ կը գործէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կ՛ուզենք, որ Լիբանան գերիշխան ու անկախ ըլլայ առանց հոգատարութեան, այլապէս կարգ մը մարդոց մտածած ձեւով Լիբանանը չքացման ճամբու վրայ կ՛ըլլայ»:

«Մենք` իբրեւ Հըզպալլա, պատերազմ չենք ուզեր եւ անոր չենք ձգտիր, սակայն անձնատուր պիտի չըլլանք եւ պատրաստ ենք պաշտպանելու, եւ յարձակումին դէմ պաշտպանուելուն ու արդէն իսկ սկսած պատերազմին միջեւ տարբերութիւնը մեծ է», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Մենք լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ ամբողջական գերիշխանութեան ու ազատագրումին հետ ենք, եւ դէմ ենք սադրանքի բոլոր տեսակներուն: Լիբանանեան բանակի կարողականութեան բարձրացման հետ ենք, որպէսզի ան կարենայ ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեամբ պաշտպանել, գերիշխանութիւնը հաստատել, եւ Դիմադրութեան ուժէն օգտուիլ», ըսաւ շէյխ Քասեմ` աւելցնելով.  «Հիմնականը հայրենիքի պաշտպանութիւնն է, եւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը բոլորին պատասխանատուութիւն է: Ձեզի հարց կու տանք` ինչո՞ւ չէք պաշտպաներ: Ինչո՞ւ յարձակումը չէք քննադատեր: Ինչո՞ւ հաստատ կերպով չէք կանգնիր դիմադրողներուն կողքին»:

Ան ըսաւ, որ ներկայ կացութիւնը չի կրնար այսպէս շարունակուիլ, «իսկ թէ ե՛րբ, ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ են զարգացումները, որոնք այս իրավիճակը կը փոխեն, կը ձգենք իրողութիւններուն, որպէսզի իրենք պատմեն»:

«Մենք ձրի զիջումներուն հետ չենք, ամերիկեան, միջազգային, արաբական հոգատարութեան հրամանները գործադրելուն հետ չենք, եւ Իսրայէլի թշնամական պահանջներու իրագործման հետ չենք», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը եւ շեշտեց. «Կառավարութեան գործողութիւնները որոշ չափով պատասխանատուն են այս թշնամիի ախորժակին շարունակման` զիջումներուն ու ճնշումներուն իրերայաջորդ բաւարարման պատճառով»:

«Մենք մինչեւ հիմա կը համբերենք երկու պատճառով. առաջինը` որովհետեւ պետութիւնն է պատասխանատուն, եւ պէտք է իր պարտականութիւնը կատարէ, իսկ երկրորդը` ներկայ զգայուն փուլին մեր հայրենիքին ու հասարակութեան նկատմամբ հոգատարութեան պատճառով», նշեց շէյխ Քասեմ:

«Իրանը պիտի ազդէ շրջանին վրայ, ինչպէս որ Կազան ազդեց շրջանին վրայ, ինչպէս որ նաեւ Լիբանանը ազդեց շրջանին վրայ», ըսաւ ան` նշելով. «Իրան կրցաւ տոկալ եւ պիտի տոկայ: Ան միշտ յաղթական է, եւ իր ունեցած որակներով չի կրնար պարտութեան մատնուիլ»:

Շէյխ Քասեմ խօսքը կառավարութեան ուղղելով յայտնեց. «Դադրեցուցէ՛ք ամէն գործողութիւն, որուն խորագիրը զէնքի մենաշնորհումն է, որովհետեւ կառավարութեան գործողութիւնը պատասխանատու է թշնամիին ախորժակին»:

Leave a Comment