Բռնցքամարտ. Միխայիլ Գրիգորեան Յաղթեց Նամիպիացի Իր Մրցակիցին

22 տարեկան անպարտելի Միխայիլ Գրիգորեան, «Շամօ Պոքսինկ 104» բռնցքամարտի երեկոյի իր մրցումին վստահ յաղթանակ մը տարաւ նամիպիացի Ճոն Շիքուքութայի դէմ` արձանագրելով իր ասպարէզի յաջորդական 8-րդ յաղթանակը:

Մենամարտը տեւեց 10 ռաունտ, որմէ ետք իրաւարարներուն միաձայնութեամբ ռուսահայ Գրիգորեան շահեցաւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը:

Այս մրցաշարքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Էքատերինա Սիչեւա, որ նախապէս Հայաստանի աղջկանց բռնցքամարտի հաւաքականին մաս կը կազմէր:

Հայաստանի ախոյեան Սիչեւա իր առաջին արհեստավարժ մենամարտին իրաւարարներու միաձայն որոշումով պարտութեան մատնեց Ազրպէյճանի ախոյեան Լիլիա Փլասթովան, 6 ռաունտերէ ետք:

Սիչեւա նուաճեց «Էյ. Էֆ. Էլ.»-ի ախոյեանութեան գօտին:

 

Leave a Comment