Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Դատավճիռներու Վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը

Ընկերվար միջազգայնականը իր վրդովմունքն ու խոր մտահոգութիւնը կ՛արտայայտէ 5 փետրուարին Պաքուի մէջ զինուորական դատարանի կողմէ յայտարարուած որոշումին կապակցութեամբ` Ազրպէյճանի տարածքին մէջ տակաւին պահուող եւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ծիրին մէջ ձերբակալուած 19 հայ կալանաւորներէն 15-ին նկատմամբ երկարատեւ ազատազրկման պատիժներու նշանակման վերաբերեալ:

Այս վճիռը, որ կը ներառէ հինգ ցկեանս բանտարկութեան դատավճիռ, կը հակասէ խաղաղութեան եւ հաշտեցման ուղղուած ջանքերու ոգիին:

Մենք կ՛արձանագրենք այն փաստը, որ ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը, ստորագրելով Ուաշինկթընի հռչակագիրը, կատարած է կարեւոր քայլ` առաջին անգամ տասնամեակներու ընթացքին արտօնելով բեռներու տարանցումը իր տարածքէն դէպի Հայաստան: 2026 թուականի յունուարին ազատ արձակուած են չորս հայեր, որոնք Ազրպէյճանի մէջ կը կրէին բանտարկութեան պատիժներ` 2020 եւ 2023 թուականներուն ձերբակալուելէ ետք:

Այս ոգիով, միացնելով մեր ձայնը միջազգային այլ կառոյցներու ձայնին` մենք կը դիմենք ազրպէյճանական իշխանութիւններուն` յառաջիկային զարգացնելու ներկայ դրական ընթացքը եւ ազատ արձակելու Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ գտնուող բոլոր հայ կալանաւորները: Նման քայլ պիտի հանդիսանայ բարի կամքի նշանակալի դրսեւորում եւ էապէս պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան:

Ընկերվար միջազգայնականը միջազգային կազմակերպութիւն է, որ կը միաւորէ ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ: Անիկա կը միաւորէ 132 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ աւելի քան 100 երկիրներէ` բոլոր ցամաքամասերէն: ՀՅ Դաշնակցութեան համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամներ են Ընկերվար միջազգայնական կիներու եւ Ընկերվար երիտասարդութեան համաշխարհային միութեան մէջ:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2026

 

Leave a Comment