«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը նպատակայարմար նկատեց թերթի նախկին խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանին նուիրել «Ազդակ»-ի յաւելուած մը։ Յաւելուածը պիտի ներառնէ մամլոյ վաստակաւոր գործիչին մասին յուշագրական նիւթեր եւ անոր աւանդը արժեւորող գրութիւններ։
Այս նոթով խմբագրութիւնը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք մամլոյ անդաստանին մէջ եւ յատկապէս «Ազդակ»-ի յարկին տակ գործակցած են Սարգիս Մահսէրէճանին հետ, իրենց գրութիւնները ուղարկելու «Ազդակ» մինչեւ փետրուարի վերջ։
Գրութիւնները ուղարկել՝
info@aztagdaily.com ելեկտրոնային հասցէին։