Սարգիս Մահսէրէճեանին Նուիրուած «Ազդակ»-ի Յաւելուած

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը նպատակայարմար նկատեց թերթի նախկին խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանին նուիրել «Ազդակ»-ի յաւելուած մը։ Յաւելուածը պիտի ներառնէ մամլոյ վաստակաւոր գործիչին մասին յուշագրական նիւթեր եւ անոր աւանդը արժեւորող գրութիւններ։

Այս նոթով խմբագրութիւնը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք մամլոյ անդաստանին մէջ եւ յատկապէս «Ազդակ»-ի յարկին տակ գործակցած են Սարգիս Մահսէրէճանին հետ, իրենց գրութիւնները ուղարկելու «Ազդակ»  մինչեւ փետրուարի վերջ։

Գրութիւնները ուղարկել՝

info@aztagdaily.com ելեկտրոնային հասցէին։

 

Leave a Comment