Հարաւային Կովկասի երկիրները գերիշխան պետութիւններ են` այլ երկիրներու հետ իրենց յարաբերութիւնները մշակելու իրաւունքով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Անոնք գերիշխան պետութիւններ են եւ անոնք ունին տարբեր պետութիւններու հետ իրենց յարաբերութիւնները կառուցելու գերիշխան իրաւունք: Միեւնոյն ժամանակ, մենք թէ՛ Պաքուի, թէ՛ Երեւանի հետ ունինք հսկայ համալիր երկկողմանի յարաբերութիւններու, որոնք կը տարածուին բոլոր հաւանական ոլորտներուն վրայ», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով:
«Հայաստանի Հանրապետութեան հետ մեզ կը միաւորեն համարկման նախագիծերը` ԵւրԱզԷս-ը: Դժուար թէ ոեւէ մէկը ձեռնամուխ ըլլայ վիճարկելու ԵւրԱզԷս-ի դերը այդ երկրի տնտեսական զարգացման նման բարձր կշռոյթներու պահպանման գործին մէջ: Այդ դերը ակնյայտ է: Եւ մենք յոյս ունինք, որ մեր այդ փոխադարձ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի», ըսած է Փեսքով: