Թրամփ Աշխարհի Ղեկավարները Հրաւիրեց 19 Փետրուարին Խաղաղութեան Խորհուրդի Բացման Նիստին

Աշխարհի շարք մը ղեկավարներ հրաւէր ստացան 19 փետրուարին մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կազմած Խաղաղութեան խորհուրդի բացման նիստին:

Մինչ Արժանթինի եւ Հունգարիոյ նման կարգ մը պետութիւններու ղեկավարները ընդունեցին հրաւէրը, այլ երկիրներ` ինչպէս Ֆրանսան, Իտալիան, Նորվեկիան, Չեխիան եւ Խրուաթիան մերժեցին հրաւէրը:

Նորվեկիոյ նախագահ Նիքոսոր Տան յայտարարեց, թէ հրաւէրը ստացած է, սակայն աւելցուց, որ իր երկիրը տակաւին Խաղաղութեան խորհուրդի առաջին նիստին մասնակցութեան վերաբերեալ որոշում չէ տուած:

Ան ըսաւ, որ ատիկա կախեալ է «մեր ամերիկացի գործընկերներուն հետ Ռումանիոյ նման Խորհուրդին մաս չկազմող, սակայն անոր կանոնադրութեան վերատեսութեան պարագային անոր մաս կազմել ուզող երկիրներու ժողովին մասնակցութեան ձեւաչափին շուրջ քննարկումներէն»:

Նշենք, որ Խաղաղութեան խորհուրդը կազմուած է Կազայի պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան ծրագիրին հիմամբ, սակայն անոր կանոնադրութիւնը Կազան չի նշեր, եւ անոր կու տայ աւելի լայն նպատակներ, որոնք կ՛առնչուին աշխարհի տարածքին զինեալ հակամարտութիւններու կարգաւորման նպաստելուն:

Չեխիոյ վարչապետ Անտրիէ Պապիչ ըսաւ, որ մտադիր չէ Խաղաղութեան խորհուրդին միանալ:

«Եւրոպական Միութեան անդամ այլ պետութիւններու հետ խորհրդակցաբար պիտի վարուինք: Անոնցմէ ոմանք ըսին, թէ պիտի չմիանան խորհուրդին», նշեց Պապիչ:

Նախքան այդ, Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան յայտարարած էր, թէ երկու շաբաթէն Ուաշինկթըն պիտի ուղղուի` մասնակցելու համար Խաղաղութեան խորհուրդի բացման նիստին:

 

Leave a Comment