Պարրաք. «Լիբանանը Ձախողած Պետութիւն Է, Եւ Անոր Վերականգնումը Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Երկխօսութեամբ Է»

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, Սուրիոյ հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Թամ Պարրաք Քալիֆորնիոյ «Միլքըն» հիմնարկին մէջ դասախօսութեան ընթացքին յայտնած է, որ շրջանը դէպի նոր Միջին Արեւելք կ՛ուղղուի` նշելով. «Սայքս-Փիքոյէն ի վեր Արեւմուտքի միջամտութիւնները եւ մինչեւ իսկ Պալֆուրի խոստումը շրջանին միայն աղէտ բերին»: Այս մասին հաղորդեց «Ժումհուրիա» օրաթերթը:

«Արեւմուտքի մեծ սխալը իր ձեւաչափը պարտադրելն էր շրջանի ցեղախումբերու գոյացութիւններուն, որոնց պատմութիւնն ու մշակոյթը հազարաւոր տարիներու վրայ կ՛երկարի», ըսած է ան` նշելով. «Արեւմուտքը սահմաններ գծեց շրջաններու եւ ցեղախումբերու միջեւ, զորս երբեք պէտք չէր միաւորել մէկ երկրի եւ մէկ շրջանի մէջ»:

Պարրաք Իրաքը նկարագրեց իբրեւ «աշխարհի վրայ ամէնէն դժուար շրջանի մը մէջ առանցքային պետութիւն, եւ Իրաքին արտերկրէն պարտադրուած դաշնակցային կամ կեդրոնական համակարգերը, ինչպէս Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Եմէնի պարագային, ցեղախմբային ու տարբեր տարրերէ կազմուած հասարակական կառոյցին  չհամապատասխանեց»` աւելցնելով. «Թրամփի ռազմավարութիւնը շրջանին ինքզինք ըլլալը արտօնելն է»:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, ապա ամերիկացի պատուիրակը դարձեալ զայն որակած է «ձախող պետութիւն»:

«Համայնքային դրութիւնը քայքայուած է, եւ Լիբանանի վերականգնումը Իսրայէլի հետ ուղղակի երկխօսութեան մէջ է», նշած է Պարրաք` աւելցնելով. «Տեսէ՛ք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: Տեսէ՛ք, թէ ինչպէ՛ս համաձայնութեամբ եւ վստահութեամբ ապրուստի արժեչափերը փոխուեցան»:

 

Leave a Comment