Ակնարկ. Ապու Տապիի Հետ Առնչուած Հանգամանքներ

Ապու Տապիի երկօրեայ հանդիպումները աւելի երեւոյթ են, քան բովանդակութիւն: Պաշտօնական լրահոսները կը խօսին դրական մթնոլորտի, երկխօսութիւնը բաց պահելու, հարցերու լուծման ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու  եւ ամէնէն յատկանշականը այս գործընթացը շարունակելու մասին: Տարակարծութիւններ, անհամաձայնութիւններ տեսանելի չեն յայտարարութիւններուն մէջ: Ըստ էութեան սակայն համաձայնութիւնները եւս տեսանելի չեն: Դէպի խաղաղութիւն ուղղուելու ակնարկներ կան, սակայն կը բացակային ժամկէտները, հրադադարի շուրջ նախնական համաձայնութիւնը:

Այս առումները կ՛ընդգծուին ամերիկացի բանագնացին յայտարարութեան մէջ. «Բանակցութիւնները շատ կառուցողական էին, եւ ծրագրուեցաւ խօսակցութիւնը յաջորդ շաբաթ շարունակել Ապու Տապիի մէջ: Նախագահ Թրամփ եւ իր ամբողջ խումբը նուիրուած են այս պատերազմին խաղաղութիւն բերելուն»: Ուրեմն, կառուցողական բանակցութիւններ դէպի խաղաղութիւն: Ահա ամբողջ ուղերձը Ապու Տապիին:

Ապու Տապիի վրայ պահ մը պէտք է կանգ առնել իբրեւ բանակցային միջավայրի ընտրութիւն: Առաջին անգամը չէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները միջնորդ-պետութեան դեր կը ստանձնեն: Նախապէս տարածաշրջանին մէջ Քաթարը առաւելաբար, սակայն մերթ ընդ մերթ Օմանը եւս ստանձնած էին, աւելի ճիշդը տրուած էր իրենց նման առաքելութիւններ իրականացնելու համար հարթակի վերածուելու կարգավիճակ:

Ապու Տապին համեմատաբար արեւմտեան ազդեցութեան տակ գործող հարթակ կը նկատուի, մինչեւ վերջերս շեշտուած ձեւով նաեւ Սէուտական Արաբիոյ արբանեակ պետութեան դիմագիծը կրելով: Վերջերս սուր կերպով արծարծուեցան Ռիատ-Ապու Տապի հակասութիւնները, ոչ միայն Եմէնի ուղղութեամբ երկու երկիրներուն դրսեւորած տարբեր ռազմավարական մօտեցումներուն առումով:  Մինչ Տոհան ցնցուած էր իր տարածքներուն վրայ Իսրայէլի իրականացուցած յարձակումներէն, Ապու Տապին հետզհետէ աւելի համարձակ քայլերով կ՛ընթանայ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ: Հիմա արդէն կը յայտարարուի, որ ռուս-ուքրանական բանակցութիւնները Ուաշինկթընի միջնորդութեամբ պիտի շարունակուին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ:

Բայց վերադառնանք հնչող կառուցողականութեան եւ անմիջապէս նկատենք երկրորդ ուշագրաւ յայտարարութիւնը: Այս անգամ հնչած Մոսկուայէն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարի ճամբով: Ըստ ռուս դիւանագէտին,  Ուաշինկթընի հետ կապերը մասնագիտական մակարդակի բանակցութիւններու ճամբով կը վերադառնան իրենց բնականոն իրավիճակին: Կողմերը լարուածութիւն յառաջացուցած երկարատեւ վիճելի հարցերու շուրջ երկխօսութիւն կը կատարեն երկու երկիրներու մայրաքաղաքներուն մէջ: Քննարկումներու վերջին նիստը տեղի ունեցած է Ուաշինկթընի մէջ: Հոս արդէն երրորդ կողմի հարթակներ չկան: Երկկողմանի են այս հանդիպումները եւ ուղիղ իւրաքանչիւրի մայրաքաղաքին մէջ, հերթաբար:

Այստեղ աւելորդ պիտի չըլլար արձանագրելը, որ Մոսկուան գրեթէ ողջունած էր Միացեալ Նահանգներու կեցուածքը Կրինլանտի նկատմամբ: Հիմնական զուգահեռ գծելով Խրիմի հետ: Անշուշտ ուղերձը կը վերաբերի ընդհանրապէս ռուսական վերահսկողութեան տակ առնուած ուքրանական տարածքներուն: Եթէ Կրինլանտի ամերիկեան բռնակցումը արդարացուած է, ապա ուքրանական տարածքներու բռնակցումը եւս Ռուսիոյ օրինաչափ կը նկատուի ուժի իրաւունքի տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ:

Այսքանով չ՛աւարտիր սակայն յայտարարուող յարաբերութիւններու բնականոնացումի նախաշեմին գտնուելու ընթացքը: Կրինլանտի ամերիկացումը  Չինաստանէն մեկնելիք նոր հաղորդուղիներու կասեցման միտումները կը ներառէ իր մէջ: Մոսկուայի հետ երկխօսիլն ու յարաբերութիւնները բնականոնացնելը եւս պէտք է դիտարկել Չինաստանի յարաբերակցութեամբ: Ապու Տապին ալ այդ բոլորին ստուերային արտացոլանքն է: Առանց անպայման նշանակելու որ Ուքրանիոյ հակամարտութեան աւարտը մօտալուտ է: Հիմնականը` երկխօսութեան գործընթացի շարունակութիւնն է այս փուլին:

«Ա.»

Leave a Comment