Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ Տաւոսի Միջազգային տնտեսական ֆորումի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ընդհանուր տնօրէն Քրիսթալինա Ճորճիեւայի հետ` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի եւ տնտեսութեան նախարար Ամեր Պսաթի:
Մեծապէս դրական եւ շինիչ քննարկումով հանդիպումի ընթացքին Սալամ ներկայացուց կառավարութեան ձեռնարկած բարեկարգչական աշխատանքները:
Վարչապետը այս ծիրին մէջ նշեց, որ ելեւմտական բացի օրինագիծը կը հաստատէ հաշուետուութեան սկզբունքը եւ յստակ ճամբու քարտէս է` պահ դրուած գումարներու վերստանձնման եւ դրամատնային մարզի առողջացման, ինչպէս նաեւ դուրս գալու լիբանանեան տնտեսութեան անցեալ տարիներուն գտնուած տեղքայլի կացութիւններէն, եւ կը նպաստէ ձերբազատուելու պատրաստ գումարով տնտեսութենէն` Լիբանանը մոխրագոյն ցուցակէն դուրս բերելու համար:
Ճորճիեւա բարձր գնահատեց կառավարութեան աշխատանքը եւ գովեց անոր յանձնառութիւնը` կատարելու այն անհրաժեշտ բարեկարգումները, որոնք տնտեսութիւնը առողջացման ճամբու վրայ կը դնեն:
Երկու կողմերը համաձայնեցան, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը 9-էն 13 փետրուարին մասնագէտներու պատուիրակութիւն մը Լիբանան ուղարկէ` շարունակելու թեքնիք քննարկումները` Լիբանանին ու Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ համաձայնութեան հասնելու համար: