Սարգսեան Հրաժարեցաւ «Ազրպէյճան» Գրութեան Շուրջ Ստեղծուած Հարցին Պատճառով

Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Գագիկ Սարգսեան իր հրաժարականը ներկայացուց դիմատետրի իր էջին վրայ:

Սարգսեանի համաձայն, այդ որոշումը այդքան ալ դիւրին չէր, բայց միեւնոյն ժամանակ անխուսափելի էր: Հիմնական պատճառը այդ էր,  որ աշխատանքային նպաստաւոր միջավայր չկար երկրին մէջ դահուկարշաւի զարգացման համար: Անկարելի էր զարգացնել այս մարզաձեւը վստահելով ֆետերասիոնին եւ  անոր ղեկավարի ջանքերուն:

Սարգսեան մեղադրած էր Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, որ միշտ ալ անտեսած էր դահուկարշաւի ֆետերասիոնին բազմաթիւ դիմումները առանցքային խնդիրներու մասին: Միաժամանակ ան յայտնած է, որ մտադիր է շարունակել իր մասնագիտական գործունէութիւնը այլ երկրի մէջ:

Հրաժարականը կապ ունի դահուկարշաւի մարզիկ Միքայէլ Միքայէլեանի առնչուած հարցին հետ: Անցեալ 31 դեկտեմբերին Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան, Միքայէլեան ծածկած էր իր տարազին գրուած «Ազրպէյճան» բառը, բան մը, որ զինք տուգանքի ենթարկած էր: Գագիկ Սարգսեան օրին յայտարարած էր, թէ ֆետերասիոնը այդ տուգանքը ամբողջովին պիտի վճարէ` զօրակցելով եւ աջակցելով մարզիկին առած քայլին: Այս ամսուն սկիզբը Սարգսեան հրապարակած էր նախարարութեան հետ իր ունեցած նամակագրութիւնը, ուր հրաժարած էր միջադէպի վերաբերեալ բացատրութիւն տալէ`  նշելով, որ առած քայլը բացատրութեան կարիք իսկ չունի:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը իր կարգին ֆետերասիոնին ուղարկած էր պաշտօնական հարցում` խնդրելով ներկայացնել պարզաբանումներ: Ֆետերասիոնը կրկին յայտնած է իր աջակցութիւնը Միքայէլեանին:

Նախարար Ժաննա Անդրէասեան մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` յայտնելով, որ մարզանքը հեռու պէտք է մնայ քաղաքականութենէն: «Մարմնակրթութիւնը պէտք է մարմնակրթութիւն մնայ: Մեր ֆետերասիոնէն բացատրութիւն կը սպասենք`  քննարկելու համար առնուելիք քայլերը»:

Նշենք, որ դահուկարշաւի մարզիկներ Միքայէլ Միքայէլեան եւ Գլեբ Մովսէսով, ինչպէս նաեւ երկու աղջիկ դահուկորդներ պէտք է մասնակցին 2026-ի Ողիմպիական ձմեռնային խաղերուն, Միլանի եւ Քորթինայի մէջ: Ողիմպիական ձմեռնային խաղերը պիտի սկսին 7 փետրուարին:

Leave a Comment