Սպանիոյ Մէջ Երկաթուղային Արկածը Զոհեր Պատճառեց

Սպանիոյ հարաւը կիրակի գիշեր տեղի ունեցած երկաթուղային արկածի զոհերուն թիւը հասած է 39-ի: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Սպանիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Օսքար Փուենթէ` յատուկ ընդգծելով, որ զոհերու թիւը «տակաւին վերջնական չէ»:

Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, Քորտոպա նահանգի հիւանդանոցներուն մէջ աղէտէն վնասուած 48 մարդ կը գտնուի, եւ անոնցմէ 12-ը վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ են:

Մալակայէն Մատրիտ եւ Մատրիտէն Հուելվա ուղղուող գնացքներու դիմահար բախումը տեղի ունեցած է կիրակի ուշ գիշերին:

 

Leave a Comment