Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Դանիան ոչինչ կրցած է ընել Կրինլանտէն «ռուսական սպառնալիք»-ը հեռացնելու համար, հակառակ այն իրողութեան, թէ ՕԹԱՆ-ը քսան տարիէ ի վեր կը պնդէ, որ ատիկա պիտի կատարուի:
«Հիմա ժամանակն է, եւ ատիկա պիտի կատարուի», շեշտեց ան:
«Չինաստանի եւ Ռուսիոյ աճող ներկայութիւնը Կրինլանտին կենսական նշանակութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան շահերուն համար», ըսաւ Թրամփ:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է. «Կան միջազգային փորձագէտներ, որոնք կը կարծեն, թէ Կրինլանտի կցման հարցը լուծելով` Թրամփ, անկասկած, պատմութիւն պիտի կերտէ: Եւ ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ համաշխարհային պատմութեան մէջ: Եւ կը կրկնեմ` առանց քննարկելու, թէ ասիկա լա՞ւ է, թէ՞ վատ, դժուար է չհամաձայնիլ այս փորձագէտներուն», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով: