Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ 1»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւած անակնկալ խումբը` Լանս, ըստ երեւոյթին անակնկալ կոչումէն դարձած է լուրջ թեկնածու:
Ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին 2-0 արդիւնքով պարտուելէ ետք Մեձէն 29 հոկտեմբերին, Լանս իր 10-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց բաժակի թէ ախոյեանութեան գծով, եւ 1 կէտի առաւելութիւնը կը պահէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի 2025-ի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի վրայ:
Խումբին նախագահն է Ժոզեֆ Ուղուրլեան, որ 2017-էն ի վեր խումբին վրայ լրջօրէն աշխատեցաւ` զայն բարձրացնելով առաջին դասակարգ, եւ այժմ անիկա լուրջ թեկնածու է ունենալով շատ աւելի մեծ պիւտճէ մը: Լանս ակումբը մօտ 115,15 միլիոն եւրոյի պիւտճէ ունի, մինչ Փարիզ Սեն Ժերմեն` 1,19 միլիառ եւրօ:
Մարզիչ Փիեռ Սաժ իր առաւելագոյնը ձեռք կը բերէ իր մարզիկներէն, որոնցմէ ամէնէն ծանօթը կրնայ ըլլալ յառաջապահ Ֆլորիեն Թովենը, որ նախապէս Մարսէյի հետ փայլուն օրեր ունէր:
Լիբանանահայ ծագում ունեցող Ուղուրլեանի խումբը իր վերջին մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Օքսեռը, մինչ Փարիզ Սեն Ժերմեն 3-0 արդիւնքով յաղթեց Լիլին: