Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հայրապետական Պատարագով Նշուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան Ու Աստուածայայտնութեան Տօնը

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին` Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, երեքշաբթի, 6 յունուար 2026-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մատուցեց սուրբ եւ անմահ պատարագ, կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ համայն հայութեան յղեց իր հայրապետական պատգամը: Սուրբ պատարագին, վեհափառ հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին մայր տաճարի լուսարարապետ Սիփան արք. Քէչէճեան եւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ եպս. Աշըգեան: Սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Նշենք, որ սուրբ պատարագին մասնակցելու նպատակով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աուն ուղարկեց իր ներկայացուցիչը` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Մեծաթիւ հաւատացեալներու կողքին սուրբ պատարագին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմը, Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամները, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ զանազան կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Յընթացս սուրբ պատարագին, լուսարարապետ սրբազան հայրը, «Լոյս ի լուսոյ» շարականին երգակցութեամբ, միւռոնաթափ աղաւնին Սուրբ Երրորդութիւն խորանէն առնելով` յանձնեց վեհափառ հայրապետին, որ, իր կարգին, կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւնը: Ապա, վեհափառ հայրապետը յղեց իր հայրապետական պատգամը:

Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքէն աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի զաւակներուն աւետեց Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը: Ապա, անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` ան ըսաւ, որ «դարեր առաջ, Բեթղեհէմի մսուրին մէջ տեղի ունեցաւ մարդկային պատմութեան մեծագոյն խորհուրդը, շարականին բառերով` «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»: Երկինքը երկիր իջաւ, որպէսզի երկինքէն հեռացած երկիրը մօտեցնէ երկինքին: Աստուած մարդ դարձաւ, որպէսզի իրմէ հեռացած մարդը դարձեալ մօտեցնէ Իրեն: Եդեմի դրախտը դարձած էր Աստուած-մարդ առաջին հանդիպման վայրը. միաժամանակ Եդեմը դարձած էր Աստուած-մարդ հեռացման վայրը` մարդուն մեղանչումով ու դրախտէն վտարումով: Բեթղեհէմը դարձաւ Աստուած-մարդ վերահանդիպման վայրը»:

Շարունակելով իր պատգամը` վեհափառ հայրապետը կեդրոնացաւ Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին վրայ եւ յայտնեց, որ «Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը դարձաւ մարդուն վերածնունդը: Իր Միածին Որդւոյն ճամբով, Աստուած մարդկային բնութիւն առաւ, դարձաւ Աստուածամարդ, մարդուն վերամարդացման համար: Արդարեւ, Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը էական էր մարդու վերամարդացման համար` մեղքի տիրապետութենէն անոր ազատագրման, մարդուն մէջ Աստուածային պատկերին ու նմանութեան վերականգնման, մարդը դէպի փրկութեան ճամբան առաջնորդելու համար: Ինչպէս աւետարանիչը կ՛ըսէ` Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ նոյնիսկ Իր Միածին Որդին ղրկեց` մեղքի մէջ խրած մարդուն ազատագրութեան համար (հմմտ. Յհ 3.16)»: Ան նաեւ մէջբերեց Քրիստոսի առաքեալներուն պատուէրը նորադարձ քրիստոնեաներուն` «մոռցէ՛ք հին մարդը` հին կեանքով, մտածումներով ու գործերով, ու եղէք նո՛ր մարդ»: Արդ, Բեթղեհէմը նոր մարդուն ծնունդն է: Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոսի առաքեալները նորադարձ քրիստոնեաներուն յիշեցուցին` մոռցէ՛ք հին մարդը` հին կեանքով, մտածումներով ու գործերով, ու եղէք նո՛ր մարդ (հմմտ. Եփ 4:22):

Յորդորելով հաւատացեալները ամուր մնալու իրենց հաւատքին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ նոր մարդ դառնալու յանձնառութիւնը ունենալ` հետեւելով Քրիստոսի աշխարհ բերած ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն: Մարդուն մէջ Աստուածաստեղծ մարդը` ճշմարիտ մարդը քանդող ներկայ ժամանակներուն, կենցաղակերպերուն ու գործելակերպերուն դիմաց, իբրեւ քրիստոնեաներ, մենք կոչուած ենք կառչած մնալու Բեթղեհէմի խորհուրդին ու պատգամին: «Ներկայ տարին հայրապետական հռչակագիրով յայտարարեցինք «Հոգեւոր կեանքի վերանորոգման տարի»: Արդարեւ, մեր կեանքը հոգեւոր արժէքներով հարստացնել կը նշանակէ դառնալ Բեթղեհէմի մէջ ծնած Աստուծոյ Որդւոյն` զԻնք դաւանելով Փրկիչը աշխարհին եւ մեր «կեանքը, ճշմարտութիւնն ու ճամբան» (Յհ 14.6)», ըսաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Վեհափառ հայրապետը հայրապետական պատգամը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որպէսզի «Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքը լեցնեն երկնային բարիքներով ու աստուածային օրհնութեամբ` մեր կեանքէն հեռացնելով ամէն տեսակ չար ու չարիք եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդելով դէպի Քրիստոսով սկսած երկնային թագաւորութիւն»:

Սուրբ պատարագէն ետք, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց պաշտօնական անձնաւորութիւններուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները:

 

 

 

Leave a Comment