Սպասելով Ս. Ծնունդը…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Երկու օրէն մեզմէ շատերը պիտի տօնեն Ս. Ծնունդը: Կաղանդի ծառը լուսաւորուած է, մսուրը շտկուած` կը սպասէ Յիսուս Մանուկին յայտնութիւնը:

Վերջապէս, մենք անոր շուրջ հաւաքուած եւ մոմիկներ վառած` պիտի երգենք «Խորհուրդ մեծ» եւ զիրար շնորհաւորենք` «Մեծ աւետիս»:

* * *

Իսկ յաջորդ առտուն մենք եկեղեցի պիտի երթանք` նշելու ո՛չ միայն Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը, այլ նաեւ` անոր մկրտութիւնը, որ տեղի ունեցաւ ճիշդ 30 տարիներ ետք, Յորդանան գետին մէջ:


Իսկ պատարագէն ետք մենք ներկայ պիտի գտնուինք ջրօրհնէքի արարողութեան, երբ ջուրը պիտի օրհնուի սուրբ Խաչով, Աւետարանով եւ սրբալոյս միւռոնով:

Մեզմէ իւրաքանչիւրը օրհնուած ջուրի պզտիկ գաւաթը ձեռքը` պիտի ուղղուի դարձեալ տուն, ճամբուն վրայ զիրար աւետելով`
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»,

որուն իբրեւ պատասխան` պիտի լսենք`
«Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս»:

Ձեռային Աշխատանք

 Նոր Տարի Մը Կը Սկսի

Արձակուրդի վերջին օրերէն օգտուելով` կրնաս այս անուշիկ օրացոյցներէն շինել քու ամէնամօտիկ ընկերներուդ համար եւ իւրաքանչիւրին նուիրել անոնց հետ յաջորդ հանդիպումիդ:

Պէտք ունիս տարբեր գոյներով խաւաքարտերու, խէժի, մկրատի, էջանիշի համար գործածուող պզտիկ գունաւոր փակչող պիտակներու, կցիչ գործիք:

Պատրաստութիւն


Իւրաքանչիւր օրացոյցի ձիու համար կրնաս գործածել տարբեր գոյնի խաւաքարտ մը:

1- Գունաւոր խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ ձիուն մարմնին 3 բաժինները` 2 շեղանկիւն եւ 1 քառանկիւն (տես պատկեր):

2.- Զանոնք ծալէ մէջտեղէն:

3.- Ձիուն գլուխը ծալէ, ինչպէս որ նշուած է նկարին մէջ` առաջին ծալուած շեղանկիւնը ծայրը:

4.- Ապա ծալէ երկուքի` ոտքերուն բաժինի ծալուած շեղանկիւնը:


5.- Համացանցէն տպէ փոքրիկ օրացոյցի չափով 2026-ի օրացոյցի տարբեր պարզ, սեւ եւ ճերմակ 12 ամիսները: Կրնաս նաեւ դուն զանոնք ձեռքով գծել եւ զարդարել, ապա զանոնք տպել բազմաթիւ օրինակներով (իւրաքանչիւր օրացոյցի համար):

6.- Օրացոյցին տարբեր էջերը իրարու կցէ:

7.- Անոնց վրայ փակցուր ձիուն քառանկիւն մարմինը:


8.- Ապա վրան անցուր եւ փակցուր ձիուն գլխու բաժինը: Փակցնելու փոխարէն` կրնաս նաեւ Cզայն պարզապէս մէջտեղի բաժինէն գործիքով կցել:

9.- Վերջապէս, փակցուր կամ գործիքով կցէ ձիուն ետեւի ոտքերու բաժինը:

10.- Հիմա ձին պատրաստ է, եւ կրնաս սկսիլ պզտիկ գունաւոր էջանիշ պիտակներով փակցել անոր բաշը եւ պոչիկը: Իսկ զայն կախելու համար մի՛ մոռնար բարակ թել մը ամրացնելու անոր մարմնին ետեւը:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել աղջկան երկրորդ ձեռնոցը` իրարու կապելով բոլոր զոյգ ձեռնոցները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Leave a Comment