Եմէնեան ղեկավար խորհուրդի պետ Ռաշատ Օլէյմի նշեց. «Հարաւային նահանգներու մէջ մեր ժողովուրդը Եմէնի կառոյցի հարազատ անկիւնաքար է»` աւելցնելով, որ այդ ժողովուրդին զոհաբերութիւնները ի զուր պիտի չըլլան:
«Հարաւային նահանգներու մեր ժողովուրդի արդար դատը այս իշխանութեան օրօք երբեք ալ կասկածի տակ չէ առնուած: Հարաւային նահանգներու մէջ մեր ժողովուրդին քաղաքական, տնտեսական ու վարչական իրաւունքները ժխտուած չեն, եւ հարցերը լուծելու յանձնառութիւն ստանձնեցինք», ըսաւ ան:
«Ոչ ոք հարաւի մեր ժողովուրդի կամքին այլընտրանք լիազօրութիւն ունի, եւ ոչ մէկ կողմ իրաւունք ունի անոնց դատը մենաշնորհի վերածելու: Որեւէ իսկական ձեռքբերում պէտք է բոլոր հարաւցիները ներառէ առանց բացառութեան, խտրութեան կամ լուսանցքայնացման», շեշտեց Օլէյմի:
«Արիւնահեղութեան վերջ տալու եւ իշխանութեան փոխանցման յայտարարութիւնն ու Ռիատի համաձայնութիւնը յարգելով որոշումներ տուինք: Նախագահական ղեկավար խորհուրդը տարակարծութիւններու լուծման սահմանադրական միակ մարմինն է», նշեց ան:
«Փոխանցման խորհուրդի ներկայացուցիչները մերժեցին տարակարծութիւններու լուծման համար նախագահական ղեկավար խորհուրդի նիստ գումարելու հրաւէրները: Եմէնը աւելի քան երբեք կարիքը ունի երկխօսութեան, եւ ոչ թէ` ուժի կիրարկումով կատարուած իրողութեան պարտադրման: Նախանձախնդիր եղանք Եմէնին խնայելու բռնութեան նոր փուլի մէջ ներքաշումը, հուսիներու սպառնալիքի դիմակայման մէջ չթուլացանք, սակայն կը մերժենք տարակարծութիւնները զէնքի տրամաբանութեամբ լուծելը», ըսաւ ան:
«Կը մերժենք եմէնցիներուն մեծ ճակատամարտը պետութիւնը տկարացնելու կամ անոր հեղինակութիւնը սահմանափակելու իբրեւ պատրուակ օգտագործումը: Ցուցմունք տուի արգիլելու պետութենէն դուրս որեւէ զինուորական շարժումներ, սակայն Փոխանցման խորհուրդը չընդառաջեց: Փոխանցման խորհուրդի խմբաւորումներու ինքնագլուխ կերպով վարուիլը կարելի է միայն մերժելի ըմբոստութիւն որակել», յայտնեց Օլէյմի:
Ան վերահաստատեց Փոխանցման խորհուրդի ղեկավարութեան ողջախոհութեան, եմէնցի ժողովուրդի գերագոյն շահերը ամէն բանէ վար դասելու եւ իր ուժերը Հատրամութէն եւ Մահրայէն «առանց այլեւայլի» արագօրէն հեռացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Օլէյմի Եմէնի մէջ «90 օր տեւողութեամբ եւ երկարաձգելի» արտակարգ դրութիւն յայտարարեց, ինչպէս նաեւ 72 ժամուան օդային, ծովային ու ցամաքային արգելքի հաստատումը յայտարարեց:
Եմէնեան ղեկավար խորհուրդի պետը նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ միացեալ պաշտպանութեան համաձայնութիւնը չեղեալ յայտարարեց եւ էմիրաթական բոլոր ուժերուն կոչ ուղղեց` 24 ժամուան ընթացքին եմէնեան հողերէն դուրս գալու:
Միւս կողմէ, Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարած դաշինքը յայտարարեց, թէ «զինուորական սահմանափակ գործողութիւն» մը կատարելով հարուածած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն աջակցութիւնը վայելող Հարաւային փոխանցման խորհուրդին կողմէ վերջերս գրաւուած Հատրամութ նահանգի Մաքլա նաւահանգիստին մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եկած «զէնքեր եւ մարտական մեքենաներ»:
Դաշինքի բանբեր հազարապետ-զօրավար Թուրքի Մալիքի յայտարարեց, թէ գործողութիւնը կատարուած է Եմէնեան նախագահական ղեկավար խորհուրդի պետի Հատրամութ եւ Մահրա նահանգներուն մէջ քաղաքայինները պաշտպանելու անհրաժեշտ բոլոր զինուորական միջոցները որդեգրելու դիմումին վրայ:
Ռիատ. «Էմիրաթական Ուժերու Եմէնէն
24 Ժամուան Ընթացքին Դուրս Գալուն
Կարեւորութիւնը Կը Շեշտենք»
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ցաւ յայտնեց «եղբայրական Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Եմէնի մէջ Հարաւային փոխանցման խորհուրդի վրայ ճնշում բանեցնելուն համար, որպէսզի իր ուժերը մղէ Սէուտական Արաբիոյ հարաւային սահմաններուն վրայ Հատրամութ եւ Մահրա նահանգներուն մէջ զինուորական գործողութիւններ կատարելու, ինչ որ Սէուտական Արաբիոյ ազգային անվտանգութեան եւ Եմէնի ու շրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան սպառնալիք կը նկատուի»:
«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կատարած քայլերը չափազանց վտանգաւոր են, եւ Եմէնի մէջ օրինականութեան աջակցութեան դաշինքի հաստատման հիմերուն ոչ համահունչ, եւ չեն ծառայեր Եմէնի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման անոր ջանքերուն», նշեց նախարարութիւնը:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս ծիրին մէջ ընդգծեց. «Սէուտական Արաբիան պիտի չտատամսի իր ազգային անվտանգութեան դէմ որեւէ ոտնձգութեան կամ սպառնալիքի դիմակայման եւ վնասազերծման անհրաժեշտ բոլոր քայլերն ու միջոցառումները որդեգրելու»:
Ռիատ շեշտեց, որ յանձնառու է Եմէնի անվտանգութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ամբողջովին կ՛աջակցի Եմէնի մէջ նախագահական ղեկավար խորհուրդի նախագահին ու անոր կառավարութեան:
Սէուտական արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եմէնեան հանրապետութեան իր զինուորական ուժերը 24 ժամուան ընթացքին Եմէնէն դուրս բերելու եւ Եմէնի մէջ որեւէ կողմի զինուորական կամ ֆինանսական աջակցութիւնը դադրեցնելու պահանջին ընդառաջելու կարեւորութիւնը», եւ յոյս յայտնեց, որ Ապու Տապի կը կատարէ իրմէ սպասուած քայլերը` «պահպանելու համար երկու եղբայրական երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները»: