Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբի (21 տարեկանէն վար) միջնապահ Մայք Գէորգեան Գերմանիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան «Պաւարիա Ռեկիոնալ Լիկա»-ի երթի խորհրդանշական հաւաքականին մաս կազմեց:
20 տարեկան ֆութպոլիստը Ունթերհախինկի հետ շատ յաջող տարեշրջան մը կը բոլորէ: Ան մասնակցած է 18 մրցումներու, միշտ ալ ըլլալով Ունթերհախինկի հիմնական կազմէն. նշանակած է 2 կոլ եւ կատարած 1 էսիսթ: Երթի մրցումներու աւարտին, խումբը կը գրաւէ Բ. դիրքը:
Միջազգային մակարդակի վրայ, ան արդէն իսկ Հայաստանի երիտասարդներուն հետ մասնակցած է 2 մրցումներու: