Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Եգիպտոսի քարիւղի եւ մետաղային հարստութեան նախարար Քարիմ Պատաուին ընդունելու ընթացքին Լիբանանի երախտապարտութիւնը յայտնեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի ցուցմունքով լիբանանցի ժողովուրդին տրամադրուած աջակցութեան համար:
«Լիբանանի մէջ ելեկտրականութեան արտադրութեան համար Եգիպտոսի կողմէ բաւարար բնական կազի տրամադրման համար երկու երկիրներուն միջեւ փոխհասկացողութեան արձանագրութեան ստորագրումը գործնական ու հիմնական քայլ մըն է, որ Լիբանանը կարող պիտի դարձնէ լիբանանցիներու քաղաքացիներուն ու այստեղ բնակողներուն ելեկտրականութիւն ապահովելու, եւ կիրարկուած խնայողութիւնը մեղմացնելու», նշեց նախագահը:
Աուն Պատաուիին շնորհակալութիւն յայտնեց «եգիպտական կողմին Լիբանանի կարիքներուն տեւական ընդառաջման համար», եւ Նոր տարուան իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Եգիպտոսի նախագահին եւ ժողովուրդին:
Նախագահական պալատի տեղեկատուութեան գրասենեակը նշեց, որ եգիպտացի նախարարը Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսայի եւ նախարարին ընկերակցող պատուիրակութեան հետ ժողովի ընթացքին նախագահ Աունին ներկայացուցած է, թէ իր երկիրը հետաքրքրուած է Լիբանանի մէջ ուժանիւթի թղթածրարով` իբրեւ գործնական արտայայտութիւն նախագահ Սիսիի ցուցմունքներուն եւ արագ արդիւնք վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի օրեր առաջ Պէյրութ այցելութեան:
Պատաուի յայտնած է. «Կազի մարզին մէջ Լիբանան-Եգիպտոս գործակցութիւնը Լիբանան-Եգիպտոս ամուր յարաբերութիւններու արդիւնքներէն մէկը պիտի ըլլայ, մանաւանդ որ Եգիպտոսը այս մարզին մէջ Լիբանանին պիտի տրամադրէ ամէն աջակցութիւն` տարբեր ոլորտներու մէջ, ներառեալ կազի դաշտերու որոնման եւ արտահանման, փոխադրման, ճարտարարուեստական մարզին, բնակարաններուն եւ ելեկտրակայաններուն բաժանման վերաբերեալ եգիպտական փորձառութեան եւ կարողութիւններու ճամբով»:
Նախարարը նշած է, որ երկու երկիրներու ուժանիւթի նախարարութիւններուն միջեւ ստեղծուած են աշխատանքային խումբեր` համակարգելու համար աշխատանքը եւ Լիբանանի քարիւղի ու կազի ոլորտներուն մէջ եգիպտական փորձառութենէն օգտուիլ արտօնելու համար:
«Եգիպտոս նաեւ հետաքրքրուած է անհրաժեշտ ենթակառոյցի ապահովումով», յայտնած է Պատաուի: