Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի իր քաթարցի պաշտօնակից շէյխ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են շրջանային կարեւոր հարցերու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Նախարարները մտահոգութիւն յայտնած են Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ` Իսրայէլի կողմէ զինադադարի համաձայնագիրներու խախտումներու, ինչպէս նաեւ Կազայի եւ Լիբանանի վրայ յարձակումներու շարունակման եւ խաղաղ բնակիչներու թիրախաւորման պայմաններուն մէջ:
Անոնք ընդգծած են միջազգային ընտանիքին կողմէ Իսրայէլի վրայ ճնշում գործադրելու անհրաժեշտութիւնը` իր պարտաւորութիւնները լիովին կատարելու եւ ցեղասպանութեան, բռնագրաւումի եւ ծաւալապաշտութեան քաղաքականութիւնը դադրեցնելու համար:
Արաղչի եւ Ալ Թանի նաեւ քննարկած են Եմենի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները` ընդգծելով երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ միասնութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Վերջին օրերուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ աջակցութիւն վայելող Հարաւային անցումային խորհուրդի ուժերը յաջողած են վերահսկողութիւն հաստատել Եմէնի հարաւային նահանգներու մեծ մասին վրայ:
Զինեալ խմբաւորումը յայտարարած է, թէ իր ներխուժումներուն նպատակը ծայրայեղականներու վտարումն ու մաքսանենգութեան գործողութիւններու կանխարգիլումն է: