«Ազդակ»-ի ամբարած վստահելիութիւնը ժառանգութիւն է, որ երկար տասնամեակներու պատմութիւն ունի: «Ազդակ»-ին օժանդակութիւնները միայն նիւթական չեն եղած: Կամաւոր աշխատակցութիւններէն մինչեւ շէնքի համար նուիրուած գումար, խմբագրատան վերակառուցում, սրահի շինարարութիւն, տպարանային կազմածներու նորոգութիւն եւ նորերու ապահովում, մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնի եւ թուայնացման բաժինի կառուցում, հասնելու համար ընթերցողներու անհատական զանազան բնոյթի հաւաքածոներու տրամադրում «Ազդակ»-ին:
Ստացած ենք հնատիպ գիրքեր, «Ազդակ»-ի հին մատենաշարի եւ թերթօններու կազմուած հաւաքածոներ: Ստացած ենք «Ազդակ»-ի գրադարանը հարստացնող անհատական թէ ընտանեկան գրադարաններու մէջ պահուած գիրքեր, մինչեւ դրոշմաթուղթերու, հին մետաղեայ թէ թղթային դրամներու հազուագիւտ նմուշներ, հայաստանեան արժէքաւոր քարերու ընտրովի հաւաքածոներ, պատմական նշանակութիւն ունեցող լուսանկարներ, նամակագրական բնոյթի քարթ-փոսթալներ, յոբելենական առիթներով հրատարակուած կրծքանշաններ, կպչուն բացիկներ:
Մեր կոչը, ամբողջացնելու համար «Ազդակ»-ի ժամանակին հրատարակած թերթօններն ու մատենաշարի թիւերը «Ազդակ»-ին տրամադրելու, լայն արձագանգ գտաւ: Հանրային եւ ընտանեկան գրադարաններու մէջ պահուած այս հրատարակութիւններէն օրինակներ յանձնուեցան «Ազդակ»-ին: Թիւեր կան, որոնք կը պակսին ամբողջական հաւաքածոն ունենալու համար այս հրատարակութիւններուն:
«Ազդակ»-ի յոբելենական տարբեր հանգրուաններուն «Ազդակ» ստացած էր նաեւ գեղանկարներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն տարբեր արուեստագէտներու ստորագրութիւնը կրող: Արուեստագէտներ իրենց ստեղծագործութիւններէն օրինակներ ուզած էին տեսնել «Ազդակ»-ի խմբագրատան թէ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահի պատերուն վրայ: Ուրիշներ իրենց հաւաքածոներէն տրամադրած էին նմուշներ: Արուեստի այս գործերուն մաս կը կազմեն նաեւ քանդակներ: Այս աւանդութիւնը կը շարունակուի: Քաջալերելի է, որ արուեստի գործեր շարունակէ ստանալ «Ազդակ», իր ժառանգութեան ներառելու համար հայկական արուեստին վերաբերող գործեր: Այս ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ «Ազդակ»-ի հին թիւերուն մէջ լոյս տեսած երգիծանկարներու բնագրային օրինակներ:
Այս բոլորը պէտք է մնայունօրէն ցուցադրուին եւ «Ազդակ»-ի այցելուները առիթ ունենան ծանօթանալու «Ազդակ»-ի ժառանգութեան: Հնատիպ հաւաքածոներէն մինչեւ արուեստի գործեր, անցնելով նշուած հաւաքածոներ:
Ժառանգութիւնը սակայն անցեալի հետ կապուած կայուն հասկացողութիւն չէ: Ժառանգութիւնը նորոգուող է, նորացուող եւ հարստացուող: Այն վստահելիութիւնը, որ ամբարած է «Ազդակ» իր հիմնադրութենէն ի վեր, պէտք է մնայ ամուր, որպէսզի կարելի ըլլայ ոչ միայն պահպանել ժառանգութիւնը, այլ նաեւ հարստացնել ու զարգացնել զայն:
Ժառանգութիւնը հարստացնելու ուղին յստակ է. ճանապարհային ցուցանակը, առանց տատամսելու, այդ ուղիով ընթանալու ցուցմունքը կու տայ մեզի: Եւ մենք կը հետեւինք անոր: