Պրիժիթ Պարտօ Մահացաւ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

91 տարեկանին մահացաւ ֆրանսացի հռչակաւոր դերասանուհի Պրիժիթ Պարտօ: Այս մասին յայտնեց «Պրիժիթ Պարտօ» հիմնադրամը:

Պարտօ ծնած է Փարիզ, 1934 թուականին: Ան իր դերասանական ասպարէզը սկսած է 1952 թուականին եւ միջազգային ճանաչում ձեռք բերած է իր առաջին ամուսինի` Ռոժէ Վատիմի «Եւ Աստուած ստեղծեց կինը» (1956) շարժանկարի գլխաւոր դերակատարումով:

Քսանամեայ ասպարէզի ընթացքին Պարտօ նկարահանուած է 48 շարժանկարներու մէջ:

Պարտօ աշխատած է Ալեն Տըլոնի եւ Մարչելլօ Մասթրոյանիի հետ եւ հանդէս եկած ֆրանսական շարժանկարներու յառաջատար բեմադրիչներու շարժանկարներուն մէջ:

Leave a Comment