Սպանական «Մարքա» պարբերականին կողմէ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ռէալ Մատրիտի համակիրներուն 86 տոկոսը կը կարծէ, որ լաւագոյն լուծումը կրնայ ըլլալ պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիորը «ծախել»-ը, որովհետեւ անոր դիրքը ակումբին մէջ շատ վտանգուած է:
25 տարեկան ֆութպոլիստը միշտ ալ անախորժ վիճակի մէջ գտնուած է մանաւանդ վերջին ժամանակաշրջանին: Սեւիլիայի դէմ կատարուած վերջին մրցումին, երբ ան փոխարինուեցաւ, դժգոհութեան սուլիչներու արժանացաւ, եւ անմիջապէս ան ընկերային ցանցերու էջերուն վրայ Ռէալ Մատրիտի շապիկով իր նկարը փոխարինած էր եւ զետեղած Պրազիլի ազգային խումբի շապիկով նկար մը:
Վինիսիուս 2-րդ տարեշրջանը ըլլալով լաւ ելոյթներ չ՛ունենար, աւելի՛ն` կը գանգատի նոր նշանակուած մարզիչ Զապի Ալոնայի փոփոխութիւններուն համար: Ան բացայայտօրէն կը դժգոհի, երբ փոխարինուի, նոյնիսկ եթէ բարձր մակարդակի ելոյթ չունենայ:
Այս տարեշրջանին 24 հանդիպումներու ընթացքին ան նշանակած է 5 կոլ եւ կատարած 8 էսիսթ:
Անոր պայմանագրութիւնը կ՛երկարի մինչեւ 2027, բայց այս ընթացքով ան վստահաբար կրնայ շատ աւելի առաջ մեկնիլ: