Տպագիր մամուլի ճգնաժամը հետզհետէ սուր հանգրուաններու մէջ կը տուայտի: Պահ մը շրջանցենք լիբանանեան տպագիր խամրող մամուլին երեւոյթը եւ կեդրոնանանք սփիւռքահայ մամուլին վրայ:
Տպագիր օրաթերթի սփիւռքեան աշխարհագրութեան վրայ դժբախտաբար երեք երկիրներու մէջ կը հանդիպինք: Պոլիս, Թեհրան եւ Լիբանան: Մնացեալը կա՛մ ցտեսութիւն ըսած է տպագիր տարբերակին, կա՛մ ալ լաւագոյն պարագային անցած շաբաթաթերթի կշռոյթին:
Երեք միջավայրերու մէջ հոսանքին դէմ թիավարելու անխոնջ աշխատանք կը տարուի: Առաջին երկուքի պարագային յաւելեալ դժուարութեամբ, նկատի ունենալով նաեւ քաղաքական պայմանները: «Ազդակ»-ի պարագային համեմատաբար աւելի ազատ պայմանները պարտաւորեցնող են համապարփակ եւ քաղաքականօրէն համընդգրկուն լրատուութիւն կամ մեկնաբանութիւն թողարկելու առումներով:
Տպագիրի շիջումը մեր պարագային դրօշը վար դնելու համազօր է: Նման յանձնուողականութիւն մը չի վերաբերիր միայն թերթին կամ կուսակցութեան, այլ ամբողջ համայնքին. նոյնիսկ սփիւռքին, եթէ կ՛ընդունինք, որ «Ազդակ»-ը համասփիւռքեան թերթի հանգամանք վաստակած է:
Տպագիրի պահպանումը սակայն սուղ գին ունի: Ոչ միայն նիւթական իմաստով, այլ նաեւ ներկայ արագընթաց հեւքին, գերարագ լրատուութիւնները ընթերցողին հասցնելու անվերջ նորացուող դրութիւններու մրցավազքին ետ չմնալու:
Առաքելութիւնը թերթին իր դասական իմաստէն վաղուց դուրս եկած է եւ հայապահպանման, իրազեկման եւ քաղաքական վերլուծումներուն առընթեր ներառած է ետ չմնալու պահանջարկը:
Ահա այստեղ է, որ կայքայինին, հետեւաբար նաեւ առցանցին եւ տպագիրին միջեւ կը յուշուի բովանդակային տարբերութիւններ բերելու անհրաժեշտութիւնը:
Ի դէպ արագ լրահոսը լիբանանեան, շրջանային, հայկական թէ միջազգային հիմնական լուրերու հաղորդման առումով այդ արագութեան վազքի մրցումին մասնակից է: Գոհունակութեամբ չէ, որ պիտի արձանագրենք, որ արեւմտահայերէնով, գուցէ նաեւ ընդհանրապէս հայերէնով «Ազդակ»-ը միակն է, որ այս դրութիւնը կ՛օգտագործէ յատուկ ծրագիրով, առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ գիշերուան ուշ ժամեր յատուկ ծրագիրը ներբեռնած ընթերցողներուն ամփոփ լուրերը հասցնելու: Պիտի ուզէինք, որ այլ լրատուամիջոցներ արեւմտահայերէնով ողողէին հայ ընթերցողներուն հեռաձայնի պաստառները: Իսկ այս մէկը` տպագիրի խամրումին դիմաց:
Տպագիրի հատավաճառը, յայտնած էինք արդէն, պարտաւոր ենք աւելցնելու: Միաժամանակ պարտաւոր ենք կայքային եւ ցանցային ընթերցողներու թիւերը արագօրէն բազմապատկելու: Միտումը այդպէս է արդէն: Կան տուեալներ համոզուելու, որ այդ միտումը նոր մրցանշային թիւեր պիտի արձանագրէ:
Մրցանշային թիւերը հակառակ ուղղութեամբ են: Տպագիրի պարագային նուազող, ելեկտրոնայինի պարագային բարձրացող: Այս բոլորով հանդերձ դրօշը վար չդնելու վճռակամութեամբ օրական ութ էջ տպագիր տարբերակով «Ազդակ» կը հասնի տպագիր մամուլի դրօշի ծածանումին հաւատացող, թէկուզ նօսրացող ընթերցողներուն: