Չորեքշաբթի օր Ուասլ 2025-2026 տարեշրջանի մրցումներու 4-րդ հանգրուանին գծով Ռիատի շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Թեհրանի մէջ 95-93 արդիւնքով՝ Շահրտարի Կորկանի դէմ։
Իրանեան ակումբը, որ իր նախկին 3 մրցումները յաղթած էր, չնչին առաւելութիւն ունէր մրցումին սկիզբը եւ պահ մըն ալ 10 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ (60-50) 3-րդ մասին, մինչ Ռիատի ինքզինք գտաւ եւ միայն 7 մարզիկներով խաղալով կրցաւ յաղթել։ Քարիմ Զայնուն եւ Ալի Մանսուր թեթեւօրէն վիրաւոր էին եւ իրենց կարելին ըրին, մինչ Պիլալ Թապպարա չմասնակցեցաւ խաղին, մինչ խումբին 3-րդ օտարը՝ Իվան Պուվա Թեհրան նոյնիսկ չճամբորդեց, ըստ երեւոյթին կանուխ խզելով անոր պայմանագրութիւնը։ Պուվա բնաւ ինքզինք չկրցաւ պարտադրել եւ արդէն Անթունիէի մրցումին մարզիչ Ֆարրան մրցումի երկրորդ կէսին յարմար չտեսաւ անոր մասնակցութիւնը խումբին հետ։
Մրցումին լաւագոյն մարզիկ ընտրուեցաւ Ամիր Սէուտ 20 կէտ նշանակելով, մինչ Փերըն Պուֆորտ (18 կէտ եւ 9 ռիպաունտ) եւ Մորիս Քեմփ (14 կէտ եւ 8 ռիպաունտ) բարձր մակարդակի մրցում ունեցան։
Մրցումին եւ Ռիատիի յաղթանակի կերտիչն էր Հայկ Կէօքճեան, որ իր 14-րդ կէտը նշանակեց մրցումի պազըր պեթըրին, երբ արդիւնքը 83-83 էր։ Հայկ 7 ռիպաունտներու կողքին 5 սթիլ ալ կատարեց 36-րդ տարեդարձէն 6 օր ետք։
Նշենք, որ 7 յունուարին Կորկան պիտի հիւրընկալէ Սաժեսը, մինչ օր մը ետք Ուահտէ պիտի հիւրընկալէ Ռիատին։