«Էմ. Էմ. Էյ.» Արման Ծառուկեան՝ Յաղթական

Արման Ծառուկեան տպաւորիչ յաղթանակ տարաւ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած «Էյ. Սի. Պի. Ճէյ. Ճէյ. 20» մրցաշարքին՝ շահելով «Աստղերու գօտի» ախոյեանութեան տիտղոսը։

Մեհտի Պայտուլայեւ դէմ մենամարտը տեղի ունեցաւ Նօ-Ճի Ճույ Ճիցուի կանոններով, առաջին վայրկեաններէն իսկ ստացաւ բարձր եւ արագ ընթացք, հաճելի համակիրներուն համար։ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի թեթեւ կշիռի թիւ 1 դասուած հայ մարզիկը աշխուժօրէն կը փոխէր իր յարձակումներու ընթացքը եւ սկիզբէն ցուցադրեց իր գերազանցութիւնը՝ ըմբշամարտի շարժումներով։

Մրցումը վճռեց Ծառուկեանի աւարտէն մօտ կէս վայրկեան առաջ, երբ մրցակիցին օղակի մէջ ձգելով խեղդելու ձեւով ստիպեց յանձնուիլ։ Նշենք, որ Պայտուլայեւ փոխարինած էր Ապտուլ Ազիզ Ապտուլվահապովը, որ վիրաւորուած ըլլալով նախընտրած էր չմասնակցիլ։

Այս յաղթանակէն ետք Արման Ծառուկեան ձեռք ձգեց «Էյ. Սի. Պի. Ճէյ. Ճէյ.» «աստղերու գօտի» տիտղոսը՝ անգամ մը եւս հաստատելով իր բարձր մակարդակը ըմբշամարտային բոլոր խաղաձեւերուն մէջ։

Այս մրցաշարքէն ետք Ծառուկեան պիտի մեկնի Երեւան, ուր 30 դեկտեմբերին «Հայփ Ֆայթինկ» մրցաշարքի գծով կրեփլինկի մենամարտ պիտի ունենայ Շարա Պուլեթի դէմ։

Նոյն օրը եւ Ծառուկեանի յաղթանակէն քիչ մը առաջ, Էդուարտ Վարդանեան Ճիու Ճիցուի կանոններով պարտութեան մատնեց Եուսուֆ Ռայիսովը։ Մրցումը աւարտեցաւ իրաւարարներու միաձայն որոշումով, ուր յաղթական հռչակուեցաւ Վարդանեան։ Այս մրցումը ձեւով մը վրէժի մրցում էր «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի գծով մրցումի մը, ուր Վարդանեան նաք աութով յաղթած էր Ռայիսովին, որ չկրցաւ երկրորդ առիթը օգտագործել։

Դաւիթ Մկոյեան Ճիու Ճեցուի մրցումի մը կրցաւ անշարժացնելով պարտութեան մատնել իր մրցակից Քանթեմիր Շիպզուխովը, որ յանձնուեցաւ։

Leave a Comment