Վելայաթի. «Թրամփի Ծրագիր»-ը Գործնականին Մէջ Նոյնն Է, Ինչ Որ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Նախագիծը, Իրանը Ատոր Դէմ Է» – Aztag Daily

Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն ղեկավարի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի Իրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յակոբեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է. «Կովկասի համար «Թրամփի ծրագիր»-ը գործնականին մէջ նոյնն է, ինչ որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի նախագիծը»` աւելցնելով, որ Թեհրան կտրուկ կերպով անոր դէմ է: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:

Կը հաղորդուի, որ հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են շրջանային եւ միջազգային զարգացումները, մասնաւորաբար Հարաւային Կովկասի մէջ:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ըսած է, թէ Իրան սկիզբէն դէմ եղած է «Զանգեզուրի միջանցք»-ին, որովհետեւ Թեհրան կը մերժէ շրջանային սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն:

Վելայաթի պնդած է. «Միջանցքը կրնար կարելիութիւն ընձեռել Իրանի հիւսիսի մէջ ՕԹԱՆ-ի ներկայութեան` լուրջ անվտանգային ռիսքեր ստեղծելով Իրանի հիւսիսի եւ Ռուսիոյ հարաւի համար»:

Leave a Comment