Թրամփ Չափազանց Դժգոհ Է Քիեւի Եւ Մոսկուայի Դիրքորոշումէն

Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «չափազանց դժգոհ» է Ուքրանիայէն ու Ռուսիայէն` շեշտելով, որ ներկայիս պատերազմին վերջ տալու «արարքներ» կ՛ուզէ:

Լեւիթ յայտնեց. «Նախագահը պատերազմող երկու կազմերէն չափազանց դժգոհ է եւ ձանձրացած է ինքնանպատակ ժողովներէն»:

«Այլեւս խօսք չ՛ուզեր, այլ գործ: Կ՛ուզէ, որ այս պատերազմը աւարտի», ըսաւ ան` նշելով. «Անոր պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆն ու անոր խումբը այս պահուս երկու ճամբարներուն հետ բանակցութիւնները կը շարունակեն»:

«Եթէ խաղաղութեան համաձայնութիւն կնքելու իսկական առիթ մը կայ, եթէ զգանք, թէ այս ժողովները արժանի են, որ Միացեալ Նահանգներէն մէկը այս շաբաթավերջին անոնց ժամանակ յատկացնէ, ներկայացուցիչ մը պիտի ղրկենք», աւելցուց Լեւիթ:

«Տակաւին վստահ չենք, թէ կարելի է իսկական խաղաղութեան հասնիլ, եւ եթէ իրապէս կարող ենք հարցերը յառաջ մղել», եզրափակեց Սպիտակ տան բանբերը:

 

 

Leave a Comment