22 նոյեմբեր 2022-ին Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր պայմանագրութիւնը խզեց Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ` հարցեր ունենալէ ետք մարզիչ Էրիք Թեն Հաակի հետ:
22 նոյեմբեր 2022-ին Մոհամետ Սալահ իր վերջին ելոյթը ունեցաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ, որմէ ետք ելոյթ մը եւս ունեցաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի գծով Նետերլանտներու մէջ` Այնտհովընի դէմ (1-4)
Արդեօք Սալահ իր վերջին ելո՞յթը ունեցած է Լիվըրփուլի շապիկով… օրերը գիտեն: Բայց 6 դեկտեմբերէն Լիծի դէմ (3-3) մրցումէն ետք Սալահի յայտարարութիւնը կարծէք ցտեսութիւն էր Լիվըրփուլի համակիրներուն, որոնք 2017-էն ի վեր վայելած էին եգիպտացի ֆութպոլիստի լաւագոյն օրերը:
Սալահ 301 մրցում կատարած է Լիվըրփուլի հետ` նշանակելով 188 կոլ եւ կատարելով աւելի քան 100 էսիսթ:
Այժմ Սալահ 33 տարեկան է, եւ այս տարուան 13 ելոյթներուն ան միայն 4 կոլ նշանակած է` կատարելով 2 էսիսթ: Անոր մակարդակը շատ նահանջած է, բան մը, որ ստեղծեց մարզիչ Առնէ Սլոթը, որ զինք փոխարինողներու աթոռներու վրայ լքէ վերջին երեք մրցումներուն:
Մարզիչը հերքեց, թէ անոր կապերը «խզուած» են Սալահի հետ, բան մը, որ Սալահ յայտարարած էր Լիծի մրցումէն ետք:
Վերջերս լուրջ խօսակցութիւններ կային, որ Սալահի յաջորդ խումբը կրնայ ըլլալ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, մինչ եւրոպական խումբեր ալ կան, որոնք կը փափաքին ձեռք ձգել զայն:
Գերմանական «Պիլտ»-ը յայտնեց, որ Սալահի այս վիճակին պատճառը Ֆլորիան Վիրցի միանալն էր Լիվըրփուլին, որմէ ետք եգիպտացի աստղը զգաց, թէ իր դիրքը վտանգուած է, եւ Լիվըրփուլ այլեւս պիտի չվստահի իրեն: Աւելի՛ն «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն գծով Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դէմ մրցումին Սալահ լաւ առիթ մը ունէր էսիսթ տալու Վիրցին, որ առանձին փոխանցումի կը սպասէր… Բայց ան չփոխանցեց: Նոյնիսկ Լիվըրփուլի պատմական յետսապահներէն Ճէյմի Քարակեր, որ այժմ մասնագէտ խօսնակ է, իր դժգոհութիւնը յայտնած էր այդ դէպքէն եւ Սալահի մակարդակէն: