Լաւրով. «Եւրոպայի Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծելու Նպատակ Չունինք, Սակայն Որեւէ Թշնամական Քայլի Պիտի Հակադարձենք»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց. «Ուքրանական հողերուն վրայ որեւէ օտար զինուորական ուժի տեղակայման պիտի հակադարձենք եւ ատոր կը պատրաստուինք: Թրամփ չ՛աճապարեր Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնելու. ընդհակառակն` զանոնք կ՛աւելցնէ»:

«Եւրոպայի դէմ պատերազմ շղթայազերծելու բացարձակապէս նպատակ չունինք, սակայն որեւէ թշնամական քայլի պիտի հակադարձենք», յայտարարեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

«Եւրոպական Միութիւնը անյոյս քաղաքական կուրութենէ կը տառապի եւ ինքզինք կը խաբէ մտածելով, թէ կրնայ Ռուսիան պարտութեան մատնել», ըսաւ ան:

«Պիտի հակադարձենք Արեւմուտքի մէջ մեր ֆինանսական հաշիւները գրաւելու որեւէ փորձի», աւելցուց Լաւրով:

«Եւրոպան Մոսկուայի կարողութիւնները չունի, եւ այդտեղ ոմանք կը խոստովանին, թէ Ռուսիան ռազմավարական պարտութեան մատնելը անկարելի է», յայտնեց Լաւրով:

Leave a Comment