Զելենսքի Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Պայմաններու Ապահովման Պարագային Ուքրանիոյ Մէջ Ընտրութիւններ Կազմակերպելու

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի պատրաստակամութիւն յայտնեց ապահովական պայմաններու ապահովման պարագային Ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւններ կազմակերպելու:

Յիշեցնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած էր. «Ուքրանիոյ մէջ երկար ժամանակէ ի վեր ընտրութիւններ տեղի չեն ունեցած, եւ հարցերը հասան տեղ մը, ուր այլեւս դադրեցաւ այնտեղ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն ունենալ»:

Թրամփ Քիեւը ամբաստանեց ընտրութիւններ կատարել խուսափելու համար պատերազմը շահագործելու յանցանքով:

Զելենսքի յայտարարեց, որ պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան ծրագիրին իր բարեփոխման առաջարկները պիտի յղէ Ուաշինկթըն:

Leave a Comment