Ընդունելով Վարչապետ Սալամը` «Շուտով Լիբանանի Մէջ Աջակցութեան Յատկացուած Նոր Ծրագիրներու Շարք Մը Պիտի Յայտարարենք» Կ՛ըսէ Քաթարի Իշխանը

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր Տոհայի ֆորումի բացման նիստէն ետք հանդիպում ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ:

Քաթարի իշխանը հանդիպումի ընթացքին ընդգծեց, որ Քաթար կը շարունակէ Լիբանանին քաղաքական եւ տնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերել` նշելով, որ Տոհա շուտով Լիբանանի աջակցութեան յատկացուած նոր ծրագիրներու շարք մը պիտի յայտարարէ:

Վարչապետ Սալամ իր կարգին իր գնահատանքը արտայայտեց Քաթարի Լիբանանին տրամադրած շարունակուող, մասնաւորաբար տնտեսական ու դիւանագիտական ոլորտներուն մէջ աջակցութեան համար եւ գնահատեց «Տոհայի դերը` Լիբանանի մէջ կայունութեան հաստատման եւ անոր օրինական հաստատութիւններու կարողութիւններու ամրապնդման ջանքերուն թիկունք կանգնելու համար»:

«Լիբանանեան բանակը կը շարունակէ կատարել իր սեփական ուժերով պետութեան իշխանութեան տարածման մէջ իր առաքելութիւնը` սկսելով Լիթանիի հարաւէն, ուր առաջին փուլը կը գտնուի ամբողջացման եզրին», ըսաւ ան:

Սալամ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է աշխուժացնել դիւանագիտական ջանքերը` ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի դադրեցնէ իր յարձակումները եւ հեռանայ այն շրջաններէն, զորս տակաւին բռնագրաւուած կը պահէ` Քաթարի կոչ ուղղելով` շարունակելու այդ ջանքին մէջ եւ հարաւի մէջ կայունութեան ամրապնդման ձգտող միջազգային ջանքերու ամրապնդման մէջ իր դերը:

Վարչապետը ընդգծեց, որ իր կառավարութիւնը յանձնառու է բարեկարգումներու գործադրութեան եւ պետութեան գերիշխանութեան իր բոլոր հողերուն վրայ ամրապնդման մէջ յառաջ ընթանալու նկատմամբ` յայտնելով, որ ինք անհամբեր կը սպասէ յառաջիկայ շրջանին երկկողմանի գործակցութեան ոլորտներու ընդլայնման:

Վարչապետ Սալամ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանիի հետ` ներկայութեամբ փոխվարչապետ Թարեք Մըթրիի:

Քաթարի վարչապետը ընդգծեց, որ Քաթար կը շարունակէ աջակցիլ Լիբանանին, եւ շուտով աջակցութեան ծրագիրներու նոր խումբ մը պիտի յայտարարուի:

Սալամ իր կարգին իր մեծ գնահատանքը արտայայտեց Լիբանանի աջակցութեան, անոր կայունութեան ամրապնդման եւ հաստատութիւններուն թիկունք կանգնելու մէջ Քաթարի դերակատարութեան նկատմամբ:

Leave a Comment