Սալամ. «Ես Եւ Նախագահ Աունը Բարեկարգումներ Եւ Զէնքի Մենաշնորհում Կ՛ուզենք, Սակայն Տարբեր Մօտեցումներ Ունինք Եւ Համաձայն Ենք Նոյն Նպատակին»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ «Տոհայի Ֆորում»-ի նիստին մասնակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ իսրայէլեան կողմը չյարգեց մէկ տարի առաջ կնքուած` թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութիւնը` նշելով, որ Իսրայէլ մաշեցման պատերազմ կը մղէ, ուստի խաղաղութեան վիճակի մէջ չենք:

Ան նշեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը վերյիշեցուց թիւ 1701 որոշումին եւ թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան նկատմամբ Լիբանանի յանձնառութիւնը` աւելցնելով, որ քննարկումը կը կատարուի թշնամական արարքներու դադրեցման գործադրութեան հսկողութեան հնգանդամ մեքանիզմին ճամբով:

Սալամ շեշտեց, որ Իսրայէլ 10 ամիս առաջ պէտք էր հեռանար իր գրաւած բոլոր հողերէն, սակայն չհեռացաւ` աւելցնելով, որ ինք չի կարծեր, թէ իսրայէլեան ուժերուն հարաւային Լիբանանի մէջ գրաւած կէտերուն վրայ ապահովական անհրաժեշտութիւն կայ:

Վարչապետը նշեց, որ բարեկարգումները, պետութեան գերիշխանութեան վերականգնումն ու զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելը իր կառավարութեան հիմնական աշխատանքներն են:

«Ես եւ նախագահ Ժոզեֆ Աունը բարեկարգումներ եւ զէնքի մենաշնորհում կ՛ուզենք, սակայն տարբեր մօտեցումներ ունինք եւ համաձայն ենք նոյն նպատակին», շեշտեց Սալամ:

 

Leave a Comment