«Պիտի Շարունակենք Պաղեստինցի Ժողովուրդին Աջակցիլ, Սակայն Ուրիշներու Քանդածին Վերակառուցումը Պիտի Չֆինանսաւորենք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման նշեց. «Համասի հետ մեր յարաբերութիւնները սկսան 13  տարի առաջ` Միացեալ Նահանգներու խնդրանքով»` աւելցնելով. «Համասի հետ մեր կապի հաստատումը յանգեցուց զինադադարի եւ գերիներու ազատ արձակման»:

Ան Տոհայի ֆորումի ընթացքին նշեց. «Մեր աջակցութիւնը Կազայի բնակչութեան կը յատկացուէր, եւ ոչ թէ Համաս շարժումին: Պնդելը, թէ Քաթարը Համասը կը ֆինանսաւորէ, անհիմն է եւ պարզապէս ամբաստանութիւններ»:

«Շրջանին մէջ խաղաղութիւնը չի կրնար իրականանալ առանց բոլոր կողմերուն ներքաշման, եւ երբ միջնորդը տագնապի կողմերէն մէկուն կողմէ ռմբակոծման կ՛ենթարկուի, ապա ատիկա անբարոյական ու անհասկնալի արարք է», ըսաւ Քաթարի վարչապետը:

«Պիտի շարունակենք պաղեստինցի ժողովուրդին աջակցիլ, սակայն ուրիշներու քանդածին վերաշինութիւնը պիտի չֆինանսաւորենք», նշեց Քաթարի վարչապետը` շեշտելով. «Կազայի բնակիչները չեն ուզեր իրենց երկրէն հեռանալ, եւ ոչ ոք կրնայ անոնց հեռանալ ստիպել», շեշտեց ան:

«Կազայի ներկայ կացութիւնը չի կրնար այսպէս շարունակուիլ, եւ խախտումները տագնապի վերսկսման վտանգը կը պարունակեն», աւելցուց վարչապետը:

 

Leave a Comment