Ֆիտան. «Կազայի Մէջ Կայունութեան Ուժի Շուրջ Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին, Ներառեալ Անոր Լիազօրութեան Եւ Գործողութիւններու Կանոններուն Շուրջ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Կազայի մէջ կայունութեան ուժի շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին, ներառեալ անոր լիազօրութեան եւ գործողութիւններու կանոններուն շուրջ»:

«Միջազգային ուժին նպատակը պաղեստինցիներն ու իսրայէլացիները իրարմէ անջատելն է», նշեց Ֆիտան:

«Մեր միջնորդական աշխատանքներուն նպատակը շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումն է», ըսաւ ան:

Leave a Comment