Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին. Գերմանիոյ Վարչապետը Կ՛ողջունէ «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթին Մէջ Վերջերս Արձանագրուած Յառաջընթացը»

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Գերմանիոյ կառավարութեան բանբերին փոխանցումով` Մերց ողջունած է «Հայաստանի հետ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ վերջերս արձանագրուած յառաջընթացը»:

Գերմանիոյ վարչապետը նաեւ Ալիեւը հրաւիրած է Գերմանիա, վերջինս ընդունած է հրաւէրը:

Leave a Comment