Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք շաբաթ օր ժողովուրդին դիմած է երկրին մէջ տիրող քաղաքական ճգնաժամին հարցով, որուն պատճառը Սահմանադրական դատարանին շուրջ սրած վէճն է:
Վերջին օրերուն Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները Թուսք կոչած է «Լեհաստանի մէջ օրէնքի գերակայութեան աւերման հերթական փուլ» եւ ատոր համար մեղադրած Իրաւունք եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը, երկրի նախագահ Քարոլ Նաւրոցկին եւ նախագահի պաշտօնին զայն նախորդած Անճէյ Տուտան:
Ըստ վարչապետին, իրավիճակը կ՛ապակայունացնեն օտարերկրեայ շահագրգիռ ուժերը, մասնաւորաբար Ռուսիան:
Ան Նաւրոցքին մեղադրած է, թէ նախագահը սկիզբը չէ ընդունած Սահմանադրական դատարանի նոր դատաւորներու երդումը, իսկ երբ վերջիններս, սպասելէ յոգնելով, անցած են աշխատանքի, «զանոնք յարձակումի ենթարկած է»:
Ուրբաթ օր Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Աննա Քորվին-Փիոթրովսքայան պարտականութիւններու կատարումէն հեռացուցած է դատարանի նախագահ Պոկտան Սվենչքովսքին եւ անոր տեղակալ Պարտոլոմէյ Սուխանսքին ու ստանձնած նախագահի պարտականութիւնները: Ան ոստիկանութիւն կանչած է, եւ դատարանի շէնքը, որուն մօտ հարիւրաւոր ցուցարարներ հաւաքուած էին, շրջափակուած է:
Լեհաստանի նախագահ Քարոլ Նաւրոցքի յայտարարած է, թէ տեղի ունեցած է «սահմանադրական կարգի խախտում» եւ Սահմանադրական դատարանի «բռնագրաւում»:
Սահմանադրական դատարանին շուրջ բազմամեայ վէճերը Լեհաստանի մէջ սրած են հոկտեմբերի կէսերուն: Անոնք կապուած են նախորդ գումարման լեհական խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմած Իրաւունք եւ արդարութիւն կուսակցութեան եւ վարչապետ Թուսքի կառավարութեան միջեւ տարակարծութիւններու:
Թուսքի կառավարութիւնը հակասահմանադրական կը նկատէ դատարանի կազմին մէջ գոյութիւնը այն դատաւորներուն, որոնք այդտեղ մուտք գործած են Իրաւունք եւ արդարութիւն կուսակցութեան կառավարման օրերուն, եւ չի ճանչնար բարձր ատեանի որոշումները: Այդ դատաւորները, իրենց կարգին, չեն ճանչնար Թուսքի օրով նշանակուած դատաւորները: